Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանան ամերիկեան երաշխիքներ ստացած է հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան հետեւողականութիւնը ապահովելու իմաստով, եթէ պատահի, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու դարձեալ կարենայ կազմել Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը` նկատի ունենալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ Լիբանան այս հարցը քննարկեց բանակցութիւններուն ընթացքին` աւելցնելով, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը չեղեալ նկատելը դիւրին չէ:
Ան նշեց նաեւ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ինք արծարծած է Նեթանիահուի կեցուածքներուն վերաբերող հարցերը` աւելցնելով, որ ամերիկացի բանագնացին պատասխանը միշտ կ՛ըլլար այն, որ եթէ Նեթանիահու փափաքի յետս կոչել սահմանագծումի համաձայնութիւնը, ապա ան հրաժարած կ՛ըլլայ ամերիկեան համաձայնութենէն, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը կատարուած է մէկ կողմէ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու, իսկ միւս կողմէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ:
Իր կարգին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու ձախողութիւնն է եւ անիկա իրականացաւ Հըզպալլայի օրհնութեամբ ու Դիմադրութեան ոգիով:


