Վարչապետ Միքաթի. «Լիբանան Կը Վստահի
Իր Արաբ Եղբայրներուն Օժանդակութեան»
Լիբանանի դիմագրաւած սահմանադրական դատարկութեան շրջագիծին մէջ, երբ երկխօսութեան կամ խորհրդակցութիւններու միակ յոյսը խորհրդարանի նախագահին հրաւէրն էր, տակաւին երկրին քաղաքական երկփեղկումը կասեցնելու եւ համախմբելու առիթ կը թուէր ըլլալ:
Սակայն երէկ կէսօրին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ. «Հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը ընտրելու նպատակով առաջարկուած երկխօսութեան հրաւէրին մասին երեսփոխանական պլոքներուն նախնական տեսակէտը շօշափելէ ետք, Պըրրի կը հրաժարի այդ հրաւէրը շարունակել ուղղելէ, յատկապէս Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններու պլոքներուն յայտնած վերապահութենէն ետք»:
Մինչ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանին մէջ պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը կարդալու նիստին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան մասնակցեցաւ 31-րդ Արաբական վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ալճերիոյ մէջ` կրելով «Իրարու մօտ գալու եւ արաբական միացեալ գործունէութիւնը ամրապնդելու» խորագիրը:
Վեհաժողովին պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին Միքաթի ընդունուեցաւ Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մեժիտ Թպունի կողմէ եւ մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն պաշտօնական լուսանկարը նկարուելու արարողութեան:
Վեհաժողովին ընթացքին Լիբանանի անունով իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ տնտեսական իր տագնապը թօթափելու առումով Լիբանան կը վստահի իր արաբ եղբայրներուն օժանդակութեան:
Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն իրարու ձեռք երկարելու` Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր: «Լիբանանը` երկիրս, կը հպարտանայ իր արաբականութեամբ եւ մեծ սէր կը տածէ իր արաբ եղբայրներուն հանդէպ», յայտնեց ան:
Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ Լիբանանը դէպի բարգաւաճում առաջնորդող առանցքին մեկնակէտը:
Յայտնենք, որ Արաբական վեհաժողովը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանին` պահպանելու իր կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցելու ցամաքային եւ ծովային իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու անոր առած քայլերուն:
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա մեծ սիրով պիտի հիւրընկալէ արաբական յաջորդ վեհաժողովը` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին տեսնել Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը: «Նախագահ մը, որ կրնայ միասնականացնել լիբանանցիները», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Ալճերիոյ մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի, իշխանական դիւանի նախագահ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի պըն Ահմետ Քաուարիի:
Հանդիպումին ընթացքին Քաթարի իշխանը մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ յաղթահարել իր դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ի վիճակի ըլլայ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:
Քաթարի իշխանը հաստատեց, որ Քաթար կը փափաքի լիբանանեան ներուժէն օգտուիլ` աւելցնելով, որ Քաթար յայտարարած է, թէ ինք կարիքը ունի հարիւր հազար լիբանանցի պաշտօնի կոչելու, տարբեր մարզերու մէջ:
Ան ընդգծեց, որ տակաւին այդ հարիւր հազարէն միայն երեսուն հազարը կարելի եղած է ապահովել:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սիսի շեշտեց, որ ինք հետաքրքրուած է Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններով` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահին անյապաղ ընտրութիւնը կարեւոր կը նկատէ:
Իր կարգին, Միքաթի մաղթեց, որ Եգիպտոս Լիբանանին օժանդակէ դեղորայքով եւ քոլերայի յատուկ պատուաստներ տրամադրելով:
Սիսի ընդգծեց, որ ինք իր ցուցմունքները տուած է անմիջապէս ընդառաջելու այս պահանջին:
Վարչապետ Միքաթի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ամերիկեան երաշխիքները պիտի պաշտպանեն ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը:
Ան յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը ՄԱԿ-ին յանձնուած է, եւ Լիբանան իր հերթին յանձնառու կը մնայ այդ համաձայնութեան գործադրութեան եւ համոզուած է, որ ոչ ոք կրնայ խախտել զայն:
Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք անհատ մը գործուղած է` երաշխիքներ պահանջելով իր կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու:
Միքաթի կտրականապէս հերքեց այն տեղեկութիւնները, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնած էր` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի մասին:


