Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալճերիոյ Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Արաբական Վեհաժողովին

November 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական 31-րդ վեհաժողովին Լիբանանը պաշտօնապէս ներկայացնելու շրջագիծին մէջ Ալճերիա գտնուող վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Վեհաժողովին պաշտօնական բացումէն առաջ տեղի ունեցած այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին վկայած վերջին զարգացումները` նախքան նախագահական դատարկութեան փուլ մուտք գործելը:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարատեւ ըլլալու պարագային կրնայ երկրին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:

Ապուլ Ղէյթ Արաբական լիկայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան պետութեան` շրջանցելու համար այս դժուար փուլը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իմանայ իր կատարելիք անհրաժեշտ բարեկարգումներուն մասին, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է իմանան իրենց պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը` ազգային շահերը գերադասելու իմաստով:

Իր կարգին, Միքաթի ողջունեց Արաբական լիկային ունեցած դերակատարութիւնը` Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր համար արաբական օժանդակութիւն ապահովելու համար:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պահրէյնի թագաւորին անձնական ներկայացուցիչին` շէյխ Մոհամետ պըն Մուպարաք Ալ Խալիֆէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը ջանայ արաբ իր եղբայրներուն հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատել: Ան կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդներուն հասկնալու լիբանանեան կացութիւնը եւ զօրակցելու Լիբանանին:

Միւս կողմէ, «Սքայ նիուզ արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները ինքնաբերաբար կառավարութեան կը փոխանցուին` նախագահական դատարկութեան պարագային` աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը առանց ընդվզումներու պիտի շարունակէ երկրին գործերը:

«Անշուշտ նախագահական ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը կը մնան առաջնահերթութիւն», հաստատեց ան:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հասաւ Ալճերիա` ընկերակցութեամբ Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, Ալճերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան, արտաքին գործոց նախարարութեան արաբական բաժինի պատասխանատու Ալի Մաուլա եւ Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու, դեսպան Պութրոս Ասաքեր:

Վարչապետ Միքաթիի ընկերակցեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, որ ալճերիացի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ` Լիբանանի եւ Ալճերիոյ միջեւ նաւթային մարզի գործակցութեան նպատակով:

 

Նախորդը

Համիէ. «Փութին Համաձայն Է Լիբանանին 25 Հազար Թոն Ցորեն Եւ 10 Հազար Թոն Նաւթ Տրամադրել»

Յաջորդը

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները Փակուեցան. Նախագահական Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.