Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի «Սուփըր Քափ» միջազգային երկրորդ մրցաշարքի ծիրին մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր (բաժնուած` երկու խմբակի), աւարտեցան Ա. հանգրուանի մրցումները եւ այժմ տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի` քառորդ աւարտականի մրցումները:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրեց Ուահտէէն եւ Ահլի Հալէպէն, երրորդին արձանագրեց 79-72 արդիւնքով յաղթանակ մը` Նաուահիրի դէմ:
ՀՄԸՄ-էն 29 կէտ նշանակեց Ճեսի Ճոնզ, մինչ 12 կէտ` Ճերըտ Տուայն:
Մրցումի նախօրեակին իրարու հետ յուշանուէրներ փոխանակեցին Պարաղեմի պատասխանատուներէն Ալի Տարուիշ եւ ՀՄԸՄ- Պէյրութի պասքեթպոլի յանձնախումբին ներկայացուցիչ Րաֆֆի Խիւտավերտեան:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Քարամէ:


