Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Կատարեց Նոր Շէնքի Հիմնարկէքը

October 31, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

370.000 Եւրօ` Ի Նպաստ Մարսէյի Նոր Շէնքի Շինութեան

Շաբաթ, 22 հոկտեմբերը պատմական օր էր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու միաժամանակ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին համար: Արդարեւ, բարձրաստիճան`   կառավարական, կղերական, կուսակցական, միութենական ու կրթական ներկայացուցիչներու, բարերարներու ու բարեկամներու ներկայութեան հիմը դրուեցաւ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել  այն մեծ թիւով աշակերտներու դիմումներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու  օճախին մէջ` միաժամանակ կերտելով իրենց ինքնութիւնը իբրեւ մարդ եւ յատկապէս` իբրեւ հայ մարդ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Մարսէյի Համազգայինի բակին մէջ, ուր Ֆրանսայի, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ճեմարանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք հիմնարկէքի կրօնական  արարողակարգը  կատարեցին` Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Խաչատուրեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մարսէյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան յաջորդաբար հրաւիրեց ներկայացուցիչները, որպէսզի հարազատ վայրերէ բերուած մէկական սրուակ հող աւելցնեն Մարսէյի Ճեմարանի հիմնաքարին,   խորհրդանշականօրէն շաղախելով հայրենիքն ու սփիւռքը, անցեալն ու ներկան, եւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցները: Ուստի Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի տնօրէն` Շաքէ Ժամկոչեան` Հայաստանէն, Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան` Արցախէն, Համազգայինի տարիներու Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, այժմ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան` Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մայր կառոյցէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան` Գասպար Իփէքեանի շիրիմէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ դոկտ. Յասմիկ Շահինեան`  Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմէն, Լեւոն Շանթի թոռնուհի` Սիւզան (Շուշան) Սեղբոսեան Շանթ Կահերի` Լեւոն Շանթի շիրիմէն, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն դոկտ. Փաուլա Եղիայեան` Լիբանանի «Արսլանեան» Ճեմարանէն, Իսի Լէ Մուլինոյի «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանի վարչութեան ատենապետ Թադէ Կարապետեան` «Համազգային -Թարգմանչաց» վարժարանէն բերուած հողերով աւելի եւս ամրացուցին Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքի շաղախը: Սրուակի մը մէջ տեղադրուած հիմնագիրը եւս զետեղուեցաւ նոր շէնքի հիմերուն տակ:

Ապա Մարսէյի քաղաքապետ Պընուա Բայանի, ՀՅ Դաշնակցութեան, Համազգայինի եւ տնօրէններու ու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու ձեռամբ զետեղուեցան նոր շէնքի հիմնաքար հանդիսացող աղիւսները:

Խօսք առաւ Մարսէյի քաղաքապետ Պընուա Բայանի, որ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին ներդրումը շրջանի բարգաւաճման մէջ: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի բարոյական յատկանիշներուն, անցեալի պատմութեան ու ներկայի նուաճումներուն: Քաղաքապետը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Մարսէյի հայ համայնքին ընդհանրապէս ու Համազգայինի ճեմարանին յատկապէս:

Խօսքի աւարտին Ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու պատասխանատուներուն:

Ապա Համազգայինի Ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիքը` ներկայութեամբ  Ճեմարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն:

Ընթրիքի ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին`   11-րդ եւ 12-րդ շրջաններու քաղաքապետ Սիլվեն Սուվեստր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` հայերէնով, դոկտ. Յասմիկ Շահինեանի ֆրանսերէնի թարգմանութեամբ, Գրիգոր ծ. վրդ. Խաչատրեան, Շահան արք. Սարգիսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լեւոն Շանթի թոռնուհի` Սիւզան (Շուշան) Սեղբոսեան Շանթ Կահերի, Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան եւ խնամակալութեան անդամ Իշխան Սէմէրճեան, որոնք վեր առին հայ դպրոցի դերը հայապահպանման աշխատանքին մէջ ու շնորհաւորեցին ճեմարանը այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան համար:

Ներկաները` գիտակցելով այս աշխատանքին կարեւորութիւնը` իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին այս ֆոնտին: Աւարտին հանգանակուեցաւ 370.000 եւրօ` ի նպաստ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի նոր շէնքի շինութեան:

Նուիրատուութիւն կատարելու համար կարելի է դիմել https://www.payasso.fr/ecole-hamaskaine-marseille/dons կայքէջին:

Նշենք, թէ պաշտօնական բացումէն օր մը առաջ` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի նոր շէնքի` աշակերտական ու ծնողական հիմնարկէքի արարողութիւնը: Այդ իսկ առիթով Պէյրութէն ժամանած էր Համազգայինի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին`  Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ` Յասմիկ Շահինեան, Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան եւ Կ. վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան:

Ամբողջ օրուան ընթացքին, զանազան առիթներով եւ զանազան մակարդակներու վրայ` տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը  առիթը ունեցան հանդիպումներ ունենալու հիւրերուն հետ: Արդարեւ, Զաքար Քէշիշեան իր հաղորդական ոճով ու շուիով հմայեց աշակերտները ու իր սրտի խօսքը փոխանցեց անոնց,  Փաուլա Եղիայեանի մասնակցութեամբ, Մարսէյի եւ Լիբանանի Ճեմարաններու աշակերտները առիթը ունեցան zoom հանդիպում մը ունենալու իրարու հետ,  Յասմիկ Շահինեան` իբրեւ մանկապատանեկան գիրքերու հեղինակ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց գիրքի մը պատրաստութեան փուլերը: Տեղի ունեցան նաեւ ուսուցիչ-տնօրէններ հանդիպումներ:

Ապա միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուելով սրահին մէջ` գեղարուեստական ելոյթ մը ունեցան, որմէ ետք խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան  հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ կեանքէն ներս  Համազգայինի ունեցած դերակատարութեան, ու  մերթ ծիծաղով, մերթ յուզումով ու նաեւ նուագով  տպաւորեց ներկաները, մինչ Յասմիկ Շահինեան հարազատօրէն ֆրանսերէնի  թարգմանեց Զ.  Քէշիշեանի խօսքը:

Աւարտին բակին մէջ, հիւրերու, վարչութեան, տնօրէնութեան, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու ներկայութեան, Ֆրանսայի, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Համազգայինի Ճեմարանի քայլերգներէն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ու Մարսէյի Ճեմարանի վարչութեան ու տնօրէնութեան անդամներ ու չորս փոքրիկ աշակերտներ միասնաբար զետեղեցին նոր շէնքի հիմնաքարերը, մինչ Մարսէյի քահանայ տէր Արսէն Մովսէսեան կատարեց հիմնարկէքի արարողութիւնը ու ներկաները արտասանեցին «Հայր Մեր»-ը: Փակման խօսքը արտասանեց Մարսէյի Համազգային Ճեմարանի վարչութեան ատենապետ  Ժիլպեր Մարքոյեանը, որ անդրադարձ մը կատարեց դպրոցի անցեալին մասին եւ շեշտեց կառոյցը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը, հաստատելով, որ  միացեալ ջանքերով կարելի կ՛ըլլայ իրագործել  շատ մը ծրագիրներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Ներուժը Պառակտելու Քայլ Մը Եւս

Յաջորդը

Ռ. Իշխանեան (ԺԴ.). «Խորհրդային Օրէնքներով` Պայքարիլ Իրենց Դէմ»…

RelatedPosts

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

February 3, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.