Պարսելոնային մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, 11 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացակայ պիտի ըլլայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի (1-16-րդ հանգրուան) մրցումներէն:
Լեւանտովսքի, որ առաջին անգամ 2011-2012 տարեշրջանին Պորուսիա Տորթմունտի հետ մասնակցեցաւ վերոնշեալ մրցաշարքի փլէյ օֆի մրցումներուն, այդ թուականէն ետք միշտ ալ ներկայ եղած էր 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Լեւանտովսքի, որ այս ամառ Պայէրն Միւնիխէն միացած էր Պարսելոնային, մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է քաթալոնական կազմին հետ:


