«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ յայտարարեց ըսելով, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը:
49 տարեկան գերմանացի Թոմաս Ռէյս նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2024:
Նշենք, որ այս շաբաթասկիզբին Շալքէ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Ֆրանք Քրամերը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») ընթացիկ տարեշրջանի 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Շալքէ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը:


