ՀՄԸՄ Ֆրանսի Մեկուսի վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ը կու գան տեղեկացնելու, թէ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ ՀՄԸՄ-Ֆրանսին կը շնորհէ նորակերտ մարզական համալիր` բաղկացած պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ:
Պայմանագիրը քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի եւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ 99 տարուան համար եւ վերանորոգուելու պայմանով:
Տարիներու երազով եւ աշխատանքով, համբերութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ականի հաւատքով ՀՄԸՄ-Ֆրանսի յաջորդական վարչութիւնները եւ անդամները կարողացան յաջողցնել այս մեծ ծրագիրը, որ պիտի ծառայէ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական առողջ դաստիարակման ու հայեցի մթնոլորտով կազմաւորման աշխատանքին: Մարզահամալիրին շնորհիւ ՀՄԸՄ-Ֆրանս առիթն ու կարելիութիւնը պիտի ունենայ թիւով ու որակով յաւելեալ զարգացման ու բարգաւաճման` հաւատարիմ միշտ բարձրանալու եւ իրեն հետ համակիր լայն շրջանակները եւս բարձրացնելու միութեան նշանաբանին:
Կեցցե՛ն «նահատակ ցեղի անմահները»:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ-ՖՐԱՆՍԻ
ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Փարիզ, 28 հոկտեմբեր 2022


