Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խնդիրի յաղթահարման գործին մէջ կարեւոր կը նկատեն ուղիղ երկխօսութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, եւ մենք երկու ղեկավարներուն կոչ ուղղած ենք հանդիպելու որեւէ ձեւաչափով, որ անոնց համար առաւելագոյնս օգտակար պիտի ըլլայ: Մեր տեսակէտը հետեւեալն է` ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային խնդիրներու յաղթահարման ու տեւական խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ: Չկայ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու գերիշխանութեան ու անկախութեան աւելի շատ սատարող, քան Միացեալ Նահանգները», նշած է Փաթել:
Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ նոյն ձեւով իրենց աջակցութիւնը յայտնած են 1991 թուականին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի անկախութեան վերականգնման ժամանակ` իրադարձութիւն մը, որ «երաշխաւորեց այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրին սեփական արտաքին քաղաքական շահերն ու գերիշխանութիւնը յառաջ տանելու իրաւունքը»:


