Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Շուէտի Օրեպրու Քաղաքին Մէջ

October 28, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին` Օրեպրուի մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր: Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու` Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ Սոտերթելիոյ մեկուսի վարչութիւններուն ներկայացուցիչները, Սոտերթելիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետական կազմը եւ ՀՅԴ «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Խորոզեան:

Օրեպրու մեկուսի շրջանը ունի 84 անդամագրուած անդամ:

Հիմնադիր ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: Ապա մասնաճիւղի կազմակերպչական յանձնախումբը կարդաց Օրեպրուի ՀՄԸՄ-ի վեց ամսուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Այնուհետեւ ժողովականները կատարեցին մասնաճիւղի գործունէութեան կապուած առաջարկներ եւ ընտրեցին Օրեպրուի անդրանիկ վարչական կազմը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէ` Շանթ Սահակեան, Սիլվի Թանաշեան, Րաֆֆի Մընճեան, Յակոբ Մելքոնեան, Թովմաս Սահակեան, Նուպար Սահակեան եւ Տիգրան Մաթոսեան:

Ընտրութենէն ետք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան վարչութեան յանձնեց ՀՄԸՄ-ի ծրագիր-կանոնագիրը եւ դրօշը, իսկ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան` միութեան սկաուտական դրօշը:

Սկաուտական Անդրանիկ Խոստման
Արարողութիւն

Հիմնադիր ժողովին յաջորդեց սկաուտական անդրանիկ խոստման արարողութիւնը, որուն,  Կեդրոնական վարչութեան անդամներու կողքին, ներկայ գտնուեցան` շրջանի հոգեւոր հովիւ Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան, Օրեպրուի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, շուէատական սկաուտութեան Օրեպրու նահանգի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, ՊԻԼՏԱ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շանթ Սահակեան եւ հրաւիրեց Յարութ Տէր Ներսէսեանը եւ Նենսի Խաչատուրեանը` ստանձնելու հերթապահութիւնը եւ վարելու սկաուտական արարողութիւնը:

Կատարուեցաւ 14 նորագիր սկաուտներու խոստման արարողութիւն: Նորագիրները օրհնեց Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան:

Ողջոյնի եւ յաջողութեան խօսքեր արտասանեցին` Օրեպրուի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցի-դպրոց-ակումբ երրորդութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ հայապահպանման կռուան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ եղած է ու կը մնայ այն ապահով միջավայրը, որուն ծնողներ կրնան վստահիլ անվարան: ՀՄԸՄ մարդակերտումի եւ հայակերտումի հնոց է նորահաս սերունդներուն համար: ՀՄԸՄ-ի մէջ սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով նկարագիր եւ դիմագիծ կը կերտուի: Օտար ափերուն ՀՄԸՄ պատուար է ձուլումի եւ այլասերումի դէմ:

 

Նախորդը

«Կուրծքի Քաղցկեղ» Նիւթով Դասախօսութիւն` ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Հայաստանը Կործանման Նախաշեմին. Ի՞նչ Է Տեղի Ունենում Երկրի Ներսում Եւ Շուրջը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.