Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութեան (նախագահութեամբ ծագումով լիբանանցի Էտուարտ Կապրիէլի), ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան անդամ քոնկրեսականներու գրասենեակներու տնօրէններու հետ:
Ընդարձակ հանդիպումին մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Ատիպ Ապտել Մեսիհ, Պիլալ Ապտալլա, Ֆատի Ալամէ, Թոնի Ֆրենժիէ, Ինայա Իզզէտտին, Ֆարիտ Պուսթանի, Սիմոն Ապի Ռամիա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի դիւանի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Ալեն Աուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ամերիկացի քոնկրեսականներու հետ հաղորդակցելու միջոցները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական ապաքինման կապուած օրէնքները վաւերացնելու իմաստով «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան ունեցած աշխուժ դերակատարութիւնը:


