Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Նիստերը Վերածուած Են Ձախող Թատրոնի Մը, Որոնք Ապարդիւն Են»

October 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը վերածուած են ձախող թատրոնի մը, որոնք ապարդիւն են, «եւ այդ պատճառով ալ պիտի փորձեմ զանոնք փոխարինել քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ», շեշտեց ան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ այս իմաստով ինք սկսած է ներկայացուցիչներ գործուղել քաղաքական ուժերուն մօտ, որպէսզի երկխօսութեան պատրաստակամութեան իմաստով անոնց բազկերակը շօշափէ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ երկխօսութեան նպատակը պիտի ըլլայ դուրս գալ նախագահական այնպիսի ընտրութեամբ, որ լիբանանցիներուն յոյս կը ներշնչէ` երկիրը հարուածող տագնապները լուծելու վերաբերեալ:

Պըրրի հաստատեց, որ համախոհութեան բացակայութեան եւ խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերուն միջեւ կշիռը կորսուելու լոյսին տակ, խորհրդարանը նիստի հրաւիրելը անիմաստ է:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ երկխօսութեան պիտի հրաւիրէ` նախագահական ներկայ նստաշրջանը աւարտելէ առաջ:

Ան մերժեց ընդունիլ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն իրականութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է ամէն իմաստով պայքարիլ թափուր դրութիւնը կանխարգիլելու նպատակով:

Պըրրի վերահաստատեց, որ համախոհութիւնը կը մնայ հիմքը` նկատել տալով, որ երկրին կացութիւնը բոլորին կը պարտադրէ մեղմացնել լիբանանցիներուն տառապանքը եւ զանոնք դուրս բերել իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններէն ու տագնապներէն: «Առանց այս համախոհութեան պիտի շարունակենք դառնալ այս դատարկ օղակին մէջ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Կը Մասնակցի «Էմերիքըն Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն»-ի Պատուիրակութեան Հետ Ընդարձակ Հանդիպումին

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.