Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Մէջ Կան 2 Միլիոն 80 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ»

October 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռալֆ Թրաֆ – Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը:

Քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` շեշտելով, որ անիկա իրենց պարտականութիւնն է, եւ ընդգծելով, որ այդ նախաձեռնութեան մասին սուրիական իշխանութիւնները ողջոյնով անդրադարձած են եւ լուրջ ընդունած այդ քայլը:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի մէջ տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային վատ ազդեցութիւն ունի, հետեւաբար պէտք է լուծել զայն:

Այս շրջագիծին մէջ, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ կարգ մը կազմակերպութիւններուն կողմէ այս թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը:

«Լիբանանի մէջ կան 17 կեդրոններ, որոնք տեղահանուածներու կամովին տունդարձը կազմակերպելու նպատակին կը ծառայեն, իսկ Լիբանանի մէջ կան 2 միլիոն 80 հազար սուրիացի տեղահանուածներ», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ կամովին տունդարձի շրջագիծին մէջ 540 հազար սուրիացի տեղահանուածներ արդէն իսկ մեկնած են Սուրիա` աւելցնելով, որ Լիբանան իր որդեգրած ծրագիրը պիտի գործադրէ, առանց անսալու իր վրայ բանեցուող ճնշումներուն:

Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք սուրիացի տեղահանուածները պիտի չստիպեն տունդարձ կատարելու` շեշտելով, որ այս քայլին դիմած են` մեղմացնելու համար լիբանանցիներուն ծանր բեռը:

Ապպաս Իպրահիմ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի բանտերուն մէջ գտնուող սուրիացի արգելափակեալներուն` նշելով, որ անոնք բանտարկեալներուն 42 առ հարիւրը կը կազմեն եւ Լիբանանի համար յաւելեալ ճնշում կը նկատուին:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ մինչեւ վերջին վայրկեանը այդ ջանքերը պիտի շարունակուին:

 

 

Նախորդը

Արեւու Մասնակի Խաւարում` Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր` Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւններուն, Ինչպէս Նաեւ Ճարտարարուեստի Հետազօտութիւններու Հիմնարկին Միջեւ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.