Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի փոխախոյեան Ինթեր Միլան, որ հիւրը եղաւ Ֆիորենթինային, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 4-3 արդիւնքով:
Մինչ կը կարծուէր, որ մրցումը պիտի աւարտի 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան եկաւ կերտելու միլանեան կազմին յաղթանակը, երբ նշանակեց մրցումին 7-րդ եւ վերջին կոլը… 90+5-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այս կոլը Մխիթարեանի համար եղաւ առաջինը` միլանեան կազմին հետ:
Հիւր կազմին կոլերը նշանակեցին արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզ (15-րդ եւ 73-րդ` փենալթիով) եւ իտալացի Նիքոլօ Փարելա (2-րդ):
Ինթեր Միլան, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը (4 պարտութեան կողքին), այժմ 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:


