Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պէտք չէ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան մէջ յաջողի:
Պայտըն խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգներ բաւական մեծ գումարներ տրամադրած են ուքրանացիներուն օգնելու համար, սակայն այդ բոլորը կատարուած է Ռուսիոյ յաջողութիւնը կանխարգիլելու համար:
«Ասիկա շատ աւելին է, քան ուքրանացիները: Ասիկա ՕԹԱՆ-ի մասին է, Արեւմտեան Եւրոպայի մասին է: Այս բոլորը այն բանի համար է, որ համոզուինք, թէ Փութինը պիտի չկարենայ յաջողութեան հասնիլ», ըսած է Պայտըն:


