Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտարարեց, որ Սպանիան, Ֆրանսան եւ Փորթուգալը համաձայնութիւն գոյացուցած են կառուցելու խողովակաշար մը, որ Իպերիական թերակղզին կը կապէ մնացեալ Եւրոպային` այդպիսով գործադրելով ծրագիր մը, որուն մնայուն կերպով դէմ եղած էր Ֆրանսան:
«Կանաչ ուժանիւթի միջանցք» ծրագիրը կը փոխարինէ «Մետքաթ» անունը կրող նախկին ծրագիր մը, որ տասնամեակ մը առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած էր, սակայն 2019-ին անտեսուած էր կազմակերպչական ու ելեւմտական խնդիրներու պատճառով:
Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն իբրեւ հակադարձութիւն Մոսկուայի` Եւրոպայի մեծամասնութեան կազի մատակարարումը դադրեցնելէն ետք, սակայն, Սպանիայէն եւրոպական ցամաքամասի մնացեալ երկիրներ մատակարարումներու կապ ստեղծելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը վերականգնուած է:
Ուժանիւթի գիներու բարձրացումէն ետք, Մատրիտ մեծ ճնշում բանեցուց վերականգնելու համար ծրագիրը` ամբողջական զօրակցութեամբ Գերմանիոյ, որուն «Նորտ Սթրիմ» խողովակաշարերու ճամբով ռուսական կազի մատակարարումները ընդհատուած են:
Սպանիոյ վարչապետը յայտնեց, որ նոր խողովակաշարը փոխանցման փուլի մը ընթացքին պիտի փոխադրէ ջրածին եւ կազ, որոնց կարիքը ունի ուժանիւթի եւրոպական շուկան:
Ներկայիս Սպանիան միայն սահմանափակ կարողականութեամբ երկու խողովակաշարեր ունի, որոնք զինք կը կապեն ամբողջ Եւրոպայի հետ կապուած կազի ֆրանսական ցանցին:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յայտարարեց, որ ուժանիւթի գիներու նուազեցման ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան կողմէ մշակուած քայլերը արագ արդիւնք պիտի տան:
Անոր համաձայն, դրական ազդեցութիւն պիտի ցուցաբերէ այն փաստը, որ «շուկաները պիտի տեսնեն միասին աշխատելու մեր պատրաստակամութիւնը»:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը նախապէս նշած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են ուժանիւթի նախարարներուն յանձնարարել` շտապ կարգով մշակել շարք մը առաջարկներ, որոնք կոչուած են նուազեցնելու ուժանիւթերու գիները, բարձրացնել մատակարարումներու յուսալիութիւնը եւ նուազեցնել ուժանիւթի սպառումը:


