Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ կատարած ռազմափորձերը «վճռական պատասխան» են Իսրայէլին: Այս մասին իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի անդամ Մոհամետ Սաֆային:
Անոր համաձայն, Յեղափոխական պահակագունդի ռազմափորձերը պատասխան էին Ազրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ որոշ «դաւադրութիւններու» ծրագիրներուն:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան` երեսփոխանը ըսած է. «Սիոնականները կը ձգտին խաթարել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Իսլամական հանրապետութեան ազդեցութիւնը: Սակայն անոնք երբեք պիտի չյաջողին»:
Ան ընդգծած է, որ Իրան պիտի չընդունի Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ միջազգային սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն:
«Սահմաններու փոփոխութիւնը կը հակասէ Իսլամական հանրապետութեան շահերուն: Ուստի Իսլամական հանրապետութիւնը կտրականապէս դէմ է այս փոփոխութեան: Չարակամներուն յղուած ուղերձը այն է, որ որեւէ գործողութիւն, որ կը վնասէ Իսլամական հանրապետութեան շահերուն, անոնց համար սուղ պիտի արժէ», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերը քանի մը ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ լայնածաւալ ռազմափորձեր կատարած են Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն վրայ:
Ռազմափորձերու ընթացքին պահակագունդը մշակած է Ազրպէյճանի հետ սահմանին Արաքս գետի վրայէն կամուրջի կառուցման ծրագիր:


