Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ընդառաջ երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական ու յատկապէս` ապրուստի կենցաղային պայմանները օր ըստ օրէ առաւել եւս կը սրին նախագահ Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտի ժամկէտի մօտեցման զուգահեռ: Խորքին մէջ նշեալ բոլոր տագնապներու լուծման «բանալի» նախաքայլը նկատուող` միջլիբանանեան քաղաքական համերաշխութեան արգելակիչ ազդակները հետզհետէ առաւել եւս կը շեշտուին` սպասելով մետասաներորդ պահու «փրկարար» լուծման նախաձեռնութեան:
Արդարեւ, նախագահ Միշել Աուն երէկ սովորական ձեւով շարունակեց իր տեսակցութիւնները` ընդգծելով, որ ինք իր պաշտօնավարութենէն ետք եւս պիտի շարունակէ իր քաղաքական գործունէութիւնը: Աւելի՛ն, մինչ նախագահ Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ նախագահը «իր տունը» պիտի վերադառնայ իր պաշտօնավարութեան աւարտին, անդին իրազեկ աղբիւրներ մտավախութիւն կը յայտնեն նախագահական աթոռի թափուր մնալուն, եւ հետեւաբար` սահմանադրական անկայուն կացութեան ստեղծման գծով: Ասիկա իր կարգին, ըստ յոռետեսներու, թափ կրնայ տալ առանց այդ ալ ամերիկեան տոլարի «սաւառնող» սակագինին լիբանանեան շուկային մէջ, որ յոռեգոյն պարագային կրնայ շրջանցել հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի արժեգինը, ընկերային կացութեան եւ ապրուստի ահաւոր գահավիժումի մատնելով լիբանանցիներու վիճակը: Արդ, քաղաքական մեկնաբաններու եւ առնչակից ղեկավարներու հայեացքները ուղղուած են նոր կառավարութեան մը կազմութեան կամ առնուազն` կառավարական կազմի փոփոխութեան կարելիութեան վրայ, որուն վստահուի իշխանութեան «ղեկը»` խուսափելու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալէն: Նոյն առնչութեամբ ուշագրաւ էր երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի «աջ բազուկ»-ը նկատուող` նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի կոչը` միջլիբանանեան համագումարի մը կայացման վերաբերեալ, ուր քննարկուին երկրի հրատապ հարցերը:
Միւս կողմէ, քաղաքական «մագոգային» շփումները կը շարունակուին քուլիսային թէ հրապարակային հարթակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ «լռիկ-մնջիկ» կը շարունակէ իր «խաղաղարար առաքելութիւնը»` փորձելով դրական մերձեցում արձանագրել քաղաքական հակադիր կեցուածքներու միջեւ: Այս իմաստով Ապպաս Իպրահիմ երէկ` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, անջատ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: «Դռները բոլորովին փակ չեն», ընդգծեց Իպրահիմ այս առիթով:
Նոյն ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Վատիկանի կողմէ յատուկ ներկայացուցիչ մը մօտերս պիտի այցելէ Լիբանան` այս իմաստով խորհրդակցութիւններ ունենալու առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Տակաւին, խիստ հաւանական կը նկատուի հարաւային Լիբանանի ջրային սահմանագծումի «թղթածրարին» գծով ամերիկեան բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: Այս իմաստով Պաապտայի պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը երէկ վերահաստատեց, որ Լիբանան ոչ մէկ զիջում ներկայացուցած է նշեալ բանակցութեանց ընթացքին` իր ջրային սահմանագծումի իրաւունքները առաւելագոյնս պաշտպանելով: Այս ծիրին մէջ նոյնպէս, նախագահ Միշել Աուն երէկ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ յետ սահմանագծումի դասաւորման եւ քարիւղի արդիւնահանման գործընթացի քայլերուն շուրջ: Նախարար Ֆայեատ երէկ նմանօրինակ այցելութիւն մը տուաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Երկրի հրատապ հարցերու լուծման գործընթացին մօտէն հետեւելու իր նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որմէ տեղեկացաւ երկրին մէջ ծայր առած քոլերա վարակի դարմանումի անմիջական քայլերուն մասին: Այս իմաստով Ապիատ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին Լիբանան պիտի ստանայ քոլերայի դէմ պայքարի պատուաստի նորագոյն տարբերակը:
Միւս կողմէ, յառաջիկայ երկուշաբթի, լիբանանեան խորհրդարանը նոր փորձ մը պիտի կատարէ նախագահական ընտրութեան բարեյաջող ելքի գծով: Այս ուղղութեամբ քուլիսային սերտ շփումները կը շարունակուին առնչակից կողմերուն միջեւ` «ընդունելի» թեկնածուի մը ընտրութեան յոյսով:
Զուգահեռաբար, ճիգերը կը շարունակուին նոր կառավարութեան կամ կառավարական կազմի փոփոխութեան գծով: Այս իմաստով առանցքային ուշադրութեամբ իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ հայեացքներն ու ճիգերը յառաջիկայ գէթ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2022 երկարող տասնօրեակը, որմէ ետք պիտի վճռուի Լիբանանի քաղաքական նոր փուլը: Փաստօրէն, հրատապ հարցերէն մէկը նկատուող` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին գծով գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտարարեց, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր վեց հազար սուրիացի տեղահանուածներ պիտի վերադառնան սուրիական իրենց բնակարանները:
Տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, թէ «հոկտեմբերեան ժամկէտի» աւարտէն ետք, ամերիկեան տոլարին սակագինը զգալի նահանջ արձանագրելով պիտի յանգի երեսուն հազար լիբ. ոսկիի սակագինին վրայ: Երէկ` ուրբաթ երեկոյեան ամերիկեան մէկ տոլարը կ՛արժէր քառասուն հազար երեք հարիւր լիբ. ոսկի լիբանանեան շուկային մէջ:
Փոխադարձաբար, տնտեսական փորձագէտներ կը հաստատեն, որ տոլարին սակագինը պիտի շարունակէ բարձրանալ, նոյնիսկ քաղաքական կայունութեան հաստատումէն ետք, այնքան ատեն որ տնտեսական ու ելեւմտական լուրջ բարեկարգումներ չեն արձանագրուած:
Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն փրկարար նախաձեռնութիւններու դրական արդիւնաւէտութեան:


