Նախանցեալ օր Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները:
Աղջկանց տիտղոսին 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Ատապ Ուալ Ռիատա (Քֆարշիմա), երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ֆաուարի: Նշենք, որ վերջինիս մաս կը կազմեն Աննա եւ Նինա Մարգարեան քոյրերը:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, անիկա աւարտեցաւ Շապապ Ֆաուարի յաղթանակով, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ժամհուրի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Միշել Ռըզքալլայի:


