Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Իրանը Պիտի Ձեռնարկէ Բոլոր Քայլերուն` Դիմակայելու Շրջանին Մէջ Պատմական Սահմանները Փոխելու Մտադրութեան Անգամ»

October 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի համար անընդունելի են շրջանին մէջ պատմական սահմաններու փոփոխութիւնները, Իրանը պիտի ձեռնարկէ բոլոր քայլերուն` դիմակայելու անգամ նման մտադրութեան: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

Ապտոլլահեան նախ նշեց, որ Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան հիմնումով աւելի յարմար եւ դիւրին պայմաններ պիտի ստեղծուին` երկու երկիրներու համագործակցութիւնը զարգացնելու համար:

«Մենք ունինք միացեալ շահեր, կարծիքներ, նաեւ մտահոգութիւններ Հարաւային Կովկասի մէջ: Իրանական կողմը ամբողջութեամբ դէմ է, որ շրջանին մէջ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ներկայ ըլլան օտարերկրեայ ներկայացուցիչներ: Մեզի համար շատ կարեւոր է ներքին ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը շրջանին մէջ: Իրանական կողմը շրջանին մէջ պատմական սահմաններու փոփոխութիւնները բոլորովին պիտի չընդունի, սա մեր կարմիր գիծն է: Եւ մենք պիտի ձեռնարկենք բոլոր քայլերուն` դիմակայելու իւրաքանչիւր նման մտադրութեան անգամ», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հայաստանի եւ Իրանի առեւտրաշրջանառութիւնը մօտ 700 միլիոն տոլար է: Երկու նախարարները պայմանաւորուած են այդ գումարը հասցնել մինչեւ 1 միլիառ տոլարի:

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանը եւ Իրանը համակարծիք են, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բանակցութիւններու եւ կառուցողական երկխօսութեան միջոցով` բացառելով ուժի կիրարկումը կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը: Հայաստանը բարձր կը գնահատէ բարեկամ Իրանի սկզբունքային եւ յստակ դիրքորոշումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ:

«Մեր երկրներու մայրաքաղաքներուն մէջ հանդիպումները առաւել մեծ նշանակութիւն ունին: Այսօր գոհունակութեամբ արձանագրած ենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են ո՛չ միայն մեր ժողովուրդներու հազարամեայ եղբայրութեան եւ բարեկամութեան, այլ նաեւ մեր ընդհանուր պետական շահերու խոր ըմբռնումին վրայ, հետեւողականօրէն կը խորանան տարբեր ոլորտներու մէջ», ըսաւ Միրզոյեան:

Նախարարներու քննարկման առանցքային նիւթը եղած է շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող իրավիճակը: Միրզոյեան իր իրանցի գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման աշխատանքներուն հետ կապուած մանրամասնութիւնները:

Նախարարը անդրադարձած է նաեւ 13-14 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ նախայարձակումի մանրամասնութիւններուն եւ հետեւանքներուն:

«Վերահաստատած ենք ազրպէյճանական զինուած ուժերու` Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն դուրսբերման, Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ հայրենադարձման, բռնի անհետացումներու զոհերու ճակատագիրներու պարզաբանման եւ հրադադարի դրութեան պահպանման հրամակայանը», ըսաւ Միրզոյեան:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումին քննարկած են ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի հարթակներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են միացեալ ջանքերով հարստացնելու հայ-իրանական օրակարգը: Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են առեւտուրի, ուժանիւթի, փոխադրութեան, բարձր արհեստագիտութեան բնագաւառներուն մէջ առկայ համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելու հեռանկարներուն վերաբերեալ, անդրադարձած միացեալ տնտեսական մեծ ծրագիրները շարունակելու եւ աւարտին հասցնելու նիւթին:

 

Նախորդը

Պորել. «Եւրոպական Միութեան Դէտերը Սկսած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Հսկողութիւն Կատարել»

Յաջորդը

Էրտողան Փութինի Հետ Թուրքիոյ Մէջ Կազային Հանգոյցի Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.