Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանը սկսաւ գումարել նախագահական ընտրութեան իր երրորդ նիստը` օրինաթիւ գոյանալէն ետք:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 119 երեսփոխաններ:
Նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշել Մուաուատ` 42 քուէ, 55 սպիտակ քուէ, «Լիբանանի համար»` 17 քուէ, Միլետ Ապու Մըլհեպ` 1 քուէ եւ 4 չեղեալ քուէ»:
Այս արդիւնքները յայտարարելէ ետք մեծ թիւով երեսփոխաններ դուրս եկան դահլիճէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ օրինաթիւի չգոյութեան, հետեւաբար Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան Դ. նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հարց տուաւ նախագահական նստաշրջանի վերջին 10 օրերուն ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով խորհրդարանի նիստերը բաց ձգելու մասին արձանագրուած կանոնին վերաբերեալ, որպէսզի հանրային կարծիքը տեղեակ պահուի անոր իրականութեան:
Պըրրի հարցումը նկատեց տեղին` հաստատելով, որ այդպէս կը պատահի, եթէ խորհրդարանի նախագահը խորհրդարանը նիստի չհրաւիրէ, «սակայն այդպէս պիտի չըլլայ, որովհետեւ որոշած եմ խորհրդարանը յաճախակի նիստերու հրաւիրել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ նախագահական ընտրութեան կարելիութեան դիմաց հորիզոնները փակ են` աւելցնելով, որ համախոհական նախագահական թեկնածու մը գոյացնելու ջանքերը կանգ առած են:
Անդրադառնալով այն յատկանիշներուն, զորս ինք կը փափաքի տեսնել նորընտիր հանրապետութեան նախագահին մէջ, Պըրրի ըսաւ, որ այդ յատկանիշները պարզ են, սակայն էական:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք կը փափաքի, որ հանրապետութեան նոր նախագահը միացնէ բոլորը եւ ոչ թէ երկփեղկումը խորացնէ: «Ան պէտք է ունենայ իսլամական եւ քրիստոնէական ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ բաց ըլլայ արաբական աշխարհին, իսկ ամէնէն կարեւորը` պահպանէ Թաէֆի համաձայնագիրը, որ Լիբանանի չգործադրուած սահմանադրութիւնն է», յայտնեց ան:
Նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրելու իմաստով խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարած է եւ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստերու հրաւիրած` ընդգծելով, որ յառաջիկային ինք աւելի յաճախակի նիստերու պիտի հրաւիրէ խորհրդարանը:


