Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորականութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինի, Մոհամետ Սլէյման, Սաժիհ Աթիէ, Ահմետ Ռըսթոմ, Ահմետ Խէյր եւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ օրէնսդրական հարցեր, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ յատկապէս Աքքարի բարգաւաճման վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման յայտնեց, որ Պըրրիին իրենց այցելութիւնը կարեւոր է, մասնաւորաբար նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկիրը կը գտնուի նախագահական ընտրութեան սեմին:
Սլէյման յայտնեց, որ Պըրրի յանձնառու է երկրին սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ:


