Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Սթիւըն Ժերար շատ հաւանաբար պաշտօնանկ ըլլայ իր ակումբին` Ասթոն Վիլայի կողմէ:
Նշուեցաւ, որ Ֆուլհեմի (20 հոկտեմբեր) եւ Պրենթֆորտի (23 հոկտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք մրցումները պիտի ըլլան ճակատագրական անոր համար, այլապէս ան կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը:
Եթէ պատահի, որ ան պաշտօնանկ ըլլայ, շատ հաւանական է, որ պիրմինկհեմեան ակումբը մարզիչ նշանակէ արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, որ Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռանալէ ետք առանց պաշտօնի մնացած է:
Նշենք, որ Փոքեթինօ նախապէս Անգլիոյ մէջ եղած է «Փրեմիեր Լիկ»-ի կազմերէն Սաութհեմփթընի եւ Թոթենհամի մարզիչ:


