Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Փրայսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Տէյվիտ Փրայս ողջունեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման միտուած հետեւողական քայլերը: Ան նաեւ ընդգծեց հայ ամերիկեան սերտ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը` ի նպաստ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման ու ամրապնդման:
Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի նախագահը անթոյլատրելի նկատեց Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժումն ու նշեց ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու` անյապաղ ելման դիրքեր վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Տէյվիտ Փրայս դատապարտեց հայ զինուորներու դէմ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներու կողմէ անմարդկային վերաբերմունքն ու գործողութիւնները: Ան միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատեց մինչեւ օրս Ազրպէյճանի մէջ պահուող պատերազմական գերիներու վերադարձի ապահովումը:


