Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Թարեք Մոլլայի հետ, ներկայութեամբ Եգիպտոսի բնական կազի ընկերութեան նախագահ Մաժտի Ժալալի:
Հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուեցաւ Լիբանանին բնական կազ տրամադրելու Եգիպտոսի յանձնառութիւնը, անմիջապէս երբ աւարտին այն միջոցառումները, որոնք կը վերաբերին եգիպտական կազը լիբանանեան հողեր փոխադրելու:
Մոլլա շեշտեց, որ Եգիպտոս միշտ պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու ամէն տեսակի օժանդակութիւն, յատկապէս նաւթի մարզին վերաբերեալ:
Ան ընդգծեց երկկողմանի ամուր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու եւ աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: «Եգիպտական քաղաքական իշխանութիւնները միշտ կը զօրակցին Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման», հաստատեց Մոլլա:
Իր կարգին, Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց Մոլլային եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ եգիպտական պետութեան ու ժողովուրդին նկատմամբ` բարձր գնահատելով մնայուն կերպով եւ մասնաւորաբար այս կարեւոր փուլին ընթացքին Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եգիպտական կեցուածքը:


