Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեց Աբեղաներ Ներկայացուցին Իրենց Աւարտաճառերը

October 18, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Արամ Ա. հայրապետին եւ ներկայութեան վանաբնակ միաբան հայրերու, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը` Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանի, Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանի, Սարգիս աբղ. Աբրահամեանի, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի, Յակոբ աբղ. Եագուպեանի եւ Մանուկ աբղ. Պրիխանեանի:

Աւարտաճառերը կը բովանդակէին արխիւային նիւթեր, որոնք դուրս բերուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հարուստ արխիւներէն: Հայր Աւետիքին աւարտաճառի նիւթն էր` «Զանազան նամակագրութիւններ` Բերիոյ հայոց թեմին ուղղուած», հայր Անդրանիկին` «ՀԲԸ Միութեան աշխատանքը 1919-1945», հայր Սարգիսին` «ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան թղթակցութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ (1918-1956)», հայր Գէորգին` «Թղթակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան միջեւ (1930-1942)», հայր Յակոբին` «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թղթակցութիւնը ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերու հետ 1957-էն մինչեւ 2004», իսկ հայր Մանուկին` «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը – Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը – Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւնը – Հայկական Կիլիկիոյ ազատագրման անցքերը»:

Իւրաքանչիւր միաբան իր աւարտաճառը ներկայացնելէ ու իր աշխատելաոճին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ կատարելէ ետք եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը: Ան գնահատեց միաբան հայրերուն կողմէ տարուած ուսումնասիրական արխիւային աւարտաճառերու աշխատանքները եւ կարեւոր ընդգծումներ ու թելադրանքներ կատարեց ակադեմական չափանիշներով ամբողջացնելու եւ հրատարակութեան պատրաստելու համար յոյժ կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերը: Այս առիթով կաթողիկոսը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) միջեւ անցեալին գոյութիւն ունեցած սերտ գործակցութեան ու յարաբերութեան եւ յիշեց ՀԲԸՄ-ին ունեցած ներդրումը մեր Ս. Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Աւարտին հայրապետը թելադրեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայել մեր հոգեմտաւորական կեանքին` իբրեւ անբաժան մասը հայ հոգեւորականի կոչումին, ծառայութեան ու առաքելութեան:

Յայտնենք, որ վարդապետական իշխանութիւն ստանալու թեկնածուներէն հայր Յակոբը չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ աւարտաճառերու ներկայացման եւ, ուստի, վարդապետական գաւազանի իշխանութեան տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ իր ծառայած թեմէն (Քանատա) ներս` ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին:

 

Նախորդը

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-Ամեակը` Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Վեց Երիտասարդ Միաբանները Վարդապետական Գաւազան Կրելու Իշխանութիւն Ստացան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.