Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փրակայի Քառակողմն ու Ազրպէյճանի Հինգ Կէտերէն Առաջինը

October 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումէն բխած յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:

ՄԱԿ-ի անդամակցութեամբ կամ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ընդունելով կայ իրաւադրոյթ եւ ներքին կարգ, որ անդամագրուողները կը ճանչնան գործող սահմանները կամ տարածքային ամբողջականութիւնները: Միջազգային երկու կառոյցներու նշումը աւելի կը յուշէ այդ անուղղակի ճանաչումին մասին: Այլապէս նոր ճանչնալու յայտարարութեան անհրաժեշտութիւնը չէր ըլլար, որովհետեւ չկայ երկու պետութիւններուն միջեւ նման երկկողմանի պայմանագիր: Սահմաններու խնդիրը եւս անորոշ է, այլապէս նոր սահմանազատում եւ սահմանագծում չէին պահանջեր Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Իրաւապայմանագրայինօրէն ուրեմն բաւարարուած չէ թուրք եւ ազրպէյճանական դաշինքը: Պատերազմը յաղթող կողմը փաստօրէն կ՛աճապարէ այդ պայմանագիրը ստորագրել տալու համար: Այդ պատճառով ալ անվերջ կը խօսի գործընթացը սկսելու անհրաժեշտութեան մասին. այլապէս, կը կիրարկուի ռազմական գործողութիւններով, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ գրաւելով ճնշում բանեցնելու ռազմաքաղաքական վարքագիծը: Այս շտապողականութիւնը կը բխի նաեւ աշխարհաքաղաքական ներկայ փուլը լիարժէք օգտագործելով յատկապէս ռուս-թրքական մերձեցումի պարունակին մէջ նոր կէտեր արձանագրելու երեւոյթէն:

Հայկական կողմի պնդումները, թէ զիջում չկայ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն, համոզիչ չեն կամ ապահովութիւն չեն ներշնչեր: Պարզ չէ, թէ ո՛ր քարտէսներուն հիման վրայ պիտի ընթանան սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները:

Միւս կողմէ, նոյնքան պարզ է, որ Փրակայի յայտարարութեամբ ազրպէյճանական զօրքերը պիտի չվերադառնան ելման դիրքեր: Ճնշումը կը շարունակուի սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացը սկսելու:

Ըստ էութեան Պաքուի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագիրին առաջին կէտն է, որ Փրակայի մէջ քառակողմ ձեւաչափով կը յայտարարուի: Տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում, առանց ճիշդ իմանալու, թէ Հայաստանը ի՛նչ պիտի զիջի իր ինքնիշխան տարածքներէն: Եւ այստեղ կը կայանայ վտանգը: Երեւութապէս պարզ թուող այս յայտարարութեան կէտին մէջ կայ ազրպէյճանական պարտադրանք. որովհետեւ այլապէս գէթ յայտարարութեամբ ճանչնալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ազրպէյճանական զօրքերը պէտք է հեռանային հայկական ինքնիշխան տարածքներէն:

Մտահոգիչ հիմնական այլ բաժին կայ Փրակայի յայտարարութեան մէջ: Երբ հրապարակուեցան Ազրպէյճանի կողմէ առաջադրուած խաղաղութեան պայմանագիրին հինգ կէտերը, հայկական կողմը ընդհանուրին մէջ ընդունելի նկատելով զանոնք կատարեց լրացումներ: Այդ լրացումներու առանցքային բաժինը կը վերաբերէր Արցախի խնդիրին:

Ազրպէճանի 5 կէտերուն դիմաց հայկական կողմը կը յայտարարէր, որ իրեն համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը: Խաղաղութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուելու եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու համար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին առընթեր յիշուած էր Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, ինչ որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կէտի ներառումն է: Եւ վերջապէս. համապատասխան բանակցութիւններու կազմակերպման համար հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն:

Այս բոլորին նոյնիսկ նախադրեալային նշումը չկայ յայտարարութեան մէջ:

Հիմա Պաքուն անցած է իր առաջադրած խաղաղութեան օրակարգի առաջին կէտի իրականացման: Հայկական կողմի լրացումը կը բացակայի յայտարարութեան մէջ: Խաղը կ՛ընթանայ թուրքեւազրպէյճանական կանոններով, թէկուզ եւրոպական միջնորդութեամբ: Տարբեր հարց, որ սուր կերպով կայ միջնորդաւորման եւ երաշխաւորման աշխարհաքաղաքական մրցապայքար ընդհանրապէս Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որմէ առաւելներ կը փորձէ պոկել թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը:

Այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, ըստ էութեան Շուշիի հռչակագիրին հիման վրայ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առաջադրած խաղաղութեան ծրագիրին փուլային իրականացման գործընթացն է:

«Ա.»

Նախորդը

«Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Լայն Իմաստով Համաձայն Է Թեկնածուի Մը, Որ Համախոհական Է, Այլ Խօսքով` Թեկնածու Մը, Որ Ստանայ Խորհրդարանին Մեծամասնութեան Քուէները» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Զինեն Քիեւը, Կ՛ուղղորդեն, Թէ Ինչպէ՛ս Վարել Զինուորական Գործողութիւնները» Կ՛ըսէ Փոլիշչուք

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.