Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննիւթական Գրիչը Արդէն Սկսած Է Արձանագրել Դէպի 95-Ամեակ Սուրացող Պատմութիւնը

October 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշտաբաբախ եւ աշխուժ սիրտը` դպրեվանքը, իննսուներկու տարեկան եղաւ: Այսօր իննսուներկու տարիներու առաքելութեամբ նշանաւոր հաստափոր ու պատկերազարդ հատորը կը դրուի իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ, որպէսզի զայն թերթատելով` ան ծանօթանայ մեծանուն ու մեծագործ դպրեվանքին:

Երբ կիլիկեան դարաւոր դպրեվանքը Կիլիկիոյ ահաւոր պարպումէն ետք (1920-1922) իր վերածնունդը ապրեցաւ Լիբանանի մէջ (1930-ին), ան կը նմանէր թուլարմատ ծիլի մը, որուն վրայ կարելի չէր մեծ յոյսեր, ընդարձակ պահանջներ եւ ծանր պարտաւորութիւններ բեռցնել: Սակայն, տարիներու սահանքով, Սահակ Բ. Խապայեան հայրապետին, Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան կաթողիկոսին եւ Շահէ արք. Գասպարեանին ցանած սերմերը տակաւ առ տակաւ զարգացան, ուռճացան եւ բարգաւաճում ապրեցան` «Ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ` վաթսուն եւ կամ երեսուն» (Մտ 13. 8) պտուղ տալով: Այսօր դպրեվանքը դարձած է ա՛յնպիսի պտղաբեր ծառ մը, որուն համադամ պտուղները Լիբանանի նեղ սահմաններէն դուրս ելլելով` սկսած են տարածուիլ հո՛ն, ուր հայորդի կայ:

Այսօր սփիւռքը իր բոլոր բնագաւառներով մեծ սպասումներ եւ անյետաձգելի ակնկալութիւններ ունի դպրեվանքէն: Եւ արդարապէս կարելի է հաստատել, որ դպրեվանքը պատրաստ է սպասուածը հայթայթելու: Այսօր դպրեվանքը կ՛ապրի իր ոսկեդարը` նուաճելով յատկանշական եւ ակնբախ բարձունքներ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ հոգեւոր մարզերուն մէջ` դառնալով սփիւռքահայութեան համար գիտակից հոգեւորականներ, պատասխանատու ազգայիններ, լաւորակ ուսուցիչներ, բարձրորակ մտաւորականներ եւ ՀԱՅ ՄԱՐԴ կերտող կեդրոն:

Պահ մը մտածենք, թէ դպրեվանքը ի՛նչ տուաւ հայութեան իր հիմնադրութենէն ցայսօր:

Ամէն բանէ առաջ դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ աղօթող մարդը: Այս դժուար օրերուն հայութիւնը ամէն ինչէ աւելի աղօթքի կարիքը ունի: Այսօր Արցախն ու Հայաստանը լուրջ եւ վտանգալից տագնապներ կը դիմագրաւեն մեր աչքերուն առաջ: Այս կացութեան մէջ մեր ազգն ու հայրենիքը կարիքը ունին իրենց համար աղօթողներու: Դպրեվանքը գիտակցելով այդ պահանջին, իր զաւակներուն կը սորվեցնէ աղօթել ազգին ու հայրենիքին համար: Պահ մը կրնա՞նք երեւակայել, թէ ի՛նչ կ՛ըլլար մեր ժողովուրդին վիճակը, եթէ իրեն փրկութեան ու բարօրութեան համար աղօթողներ չըլլային: Այո՛, այսօր դպրեվանեցին, օրինակ ունենալով մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոսը, պիտի երթայ մեր ազգի զաւակներուն մօտ եւ անոնց պիտի սորվեցնէ նախ աղօթել, ապա` աղօթական կեանքը ապրիլ: Ազգին կողքին, դպրեվանեցին կ՛աղօթէ նաեւ աշխարհի խաղաղութեան համար: Այսօր աշխարհը եւս իրեն համար աղօթողներու պակասը ունի: Եւ դպրեվանեցին գիտակցելով այդ կարիքին` ամէնօրեայ ժամերգութիւններուն եւ իր անձնական աղօթքներուն միջոցով կը ձգտի իր աղօթքի լուման դնել աշխարհիս աղօթքի գանձանակին մէջ: Բիւր յարգանք ու շնորհակալիք ձեզի, սիրելի՛ աղօթահամ, օրհնող, օրհնաբանող ու բարեխօսող շուրթեր ունեցող դպրեվանեցիներ:

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ հայագէտ մարդը: Այսօր, ուզենք թէ ոչ, մեր մայրենի լեզուն վտանգուած է եւ նահանջ կ՛ապրի: Այսօր հայոց լեզուն իր ցաւալի տեղը գտած է աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ:  Դպրեվանքը գիտակցելով իր ուսերուն դրուած այս ծանր բեռին` իր զաւակներուն կը սորվեցնէ բիւրեղ եւ սահուն հայերէն: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը եւ տեսէ՛ք, թէ դպրեվանեցին` հոգեւորական թէ աշխարհական, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հայ ազգի եւ մանաւանդ հայագիտական կեդրոններուն մէջ իր անսակարկ ծառայութիւնն ու ներկայութիւնը կը բերէ:

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ ազգը սիրող մարդը: Այսօր ձուլումը իր կործանարար դերը կը կատարէ աշխարհի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնցմէ անմասն չի մնար հայ ազգը: Դպրեվանքը անդրադառնալով այս երեւոյթին` իր զաւակներուն կը սորվեցնէ հայ ազգին անքակտելիօրէն կապուած մնալ: Պահ մը նայեցէ՛ք մեր ազգին կեանքը եւ տեսէք, թէ դպրեվանեցին` աշխարհական թէ հոգեւորական, ներկայութիւն է հայ մշակոյթին, Հայ դատին, ազգային համերգներու, պահանջատիրական ցոյցերու եւ հայութեան շահը հետապնդող այլ գործերու մէջ. ի մի բան` հայ ազգին հետ կապուած ամենամանրակրկիտ մանրամասնութիւններուն մէջ:

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ առանց ձանձրանալու ծառայող մարդը: Այս դժուար օրերուն մեր ազգը կարիքը ունի սիրայօժար ու նուիրեալ ծառայողներու, եւ փաստօրէն դպրեվանքը իննսուներկու տարիներու ընթացքին իր ծառայութեան անսպառ հունտերը ցանեց ու կը ցանէ դպրեվանեցիներուն տղայական սրտերուն մէջ:

Դպրեվանքը իր առաքելութեամբ հայութեան տուաւ ԳԼԽԱԳԻՐ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՄԱՐԴԸ:  Այս մէկը անտարակոյս դարձաւ դպրեվանքի իննսուներկու տարիներուն իւրայատուկ եւ անօրինակ ձիրքը: Հարիւրաւոր դպրեվանեցիներ իննսուներկու տարիներուն ընթացքին մաքրուեցան, յղկուեցան, տաշուեցան, ձեւաւորուեցան եւ լեցուեցան, որպէսզի հայ ազգին երթան իբրեւ գլխագիր եւ եզակի մարդ:

Վերջապէս,  դպրեվանքը իննսուներկու տարիներուն ընթացքին դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան գլխաւոր հարստութիւնը: Կարելի չէ երեւակայել հայ սփիւռքը` առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Քանի՜ քանի՛ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հասարակական կեանքի նուիրեալներ իրենց ծառայական կեանքին պատրաստութիւնը առին դպրեվանքէն:

Դպրեվանքը 92-ամեակի այս կարեւոր հանգրուանին վրայ կատարեց իր անցնող տարիներու հաշուեյարդարը ու արդարապէս փառաւորուեցաւ: Հիմա նոր էջ մը բացուած է դպրեվանքի պատմութեան համար: Աննիւթական Գրիչը արդէն իսկ սկսած է գրել դէպի 95-ամեակ երկարող պատմութիւնը, որուն դերակատարները գլխաւորապէս մենք` դպրեվանեցիներս եւ հոգեւորականներս, պիտի ըլլանք:  Գիտակցութեամբ պիտի կատարենք այս ծանր պարտականութիւնը հետեւելով կեանքի սկզբունքին` ընթացք դէպի կատարելութիւն: Ուրախանալ ու հպարտանալ մեր նախորդներու վաստակներով` շատ բնական է, բայց անոնցմով գինովնալ` ընդունելի չէ մեզի համար: Եթէ դպրեվանքին քարքարուտ ճանապարհը առաջին իննսուներկու տարիներուն եղաւ նուաճումի՛ ճամբայ, պէտք չէ մեզմով  տեղքայլի կամ նահանջի ուղի ըլլայ: Ուրեմն, մեր աչքերը յառելով դէպի փառաւոր հարիւրամեակ` պիտի շարունակենք մեր նախնիներուն գործը` փորձելով  հնարաւորինս սփիւռքահայութեան բարօրութեան համար անմար ջահ ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Ոգին Իւրաքանչիւր Հայ Անհատի Մէջ

Յաջորդը

Կրթասիրացի Մեկնած Աշակերտներուն Օրինակը

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.