Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք չեխական Վիքթորիա Փլզենին (Գ. խմբակ), այս մրցաշարքին գծով հաստատեց մրցանիշ մը:
Պայէրն, որ իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 31 մրցումի (28 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն), խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած 2017-էն ի վեր:
Անիկա այժմ առաւելագոյն 9 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր կը յաջորդէ Ինթեր Միլան (6 կէտ), ապա` Պարսելոնա (3 կէտ), մինչ վերջին դիրքը առանց որեւէ կէտի կը գրաւէ` Վիքթորիա Փլզեն:


