Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Կողմէ Հիւլէական Զէնքի Օգտագործումը Կարելի Է Միայն Վարդապետութեան Կէտերուն Համապատասխան» Կ՛ըսէ Քրեմլին

October 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնքի օգտագործումը կարելի է միայն վարդապետութեան կէտերուն համապատասխան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին արձագանգելով Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովի յայտարարութեան, ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

1 հոկտեմբերին Քրասնի Լիմանէն ռուսական զօրքերու հեռացումէն ետք, Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտարարած էր, որ իշխանութիւնները պէտք է «արմատական միջոցներու» դիմեն: «Մասնաւորաբար, անհրաժեշտ է քննել երկրի շարք մը շրջաններու մէջ ցած արտադրողականութեան հիւլէական զէնքի կիրարկման եւ զինուորական դրութիւն հաստատելու կարելիութիւնը», ըսած էր Քատիրով:

«Մարզերու ղեկավարները ունին իրենց տեսակէտը յայտնելու, գնահատականներ տալու լիազօրութիւն: Ի վերջոյ, անոնք Ռուսիոյ մէջ ամբողջ շրջաններու ղեկավարներն են, ներառեալ Ռամզան Քատիրովը, որ, ինչպէս գիտէք, յատուկ զինուորական գործողութեան սկիզբէն իսկ շատ բան ըրած է եւ մեծ ներդրում ունեցած յատուկ գործողութեան մէջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

Անոր կարծիքով` նոյնիսկ դժուար ժամանակներու մէջ զգացումները պէտք չէ գերիշխող դառնան:

Ռուսիան 1 հոկտեմբերին յայտարարած է Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան Քրասնի Լիման քաղաքէն զօրքերը դուրս բերելու մասին: Ապա Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ատիկա տեղի ունեցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու եւ դաշնակից ուժերու շրջափակման սպառնալիքին պատճառով:

Նշենք, որ ըստ Ռուսիոյ հիւլէական վարդապետութեան, Ռուսիան ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ հիւլէական զէնք օգտագործելու` ի պատասխան իր եւ (կամ) իր դաշնակիցներուն դէմ հիւլէական եւ զանգուածային ոչնչացման այլ տեսակի զէնքերու օգտագործման, ինչպէս նաեւ սովորական զէնքով Ռուսիոյ դէմ յարձակումի պարագային, երբ պետութեան գոյութեան վտանգ կը սպառնայ:

«Հիւլէական Զէնքի Կիրարկման Սպառնալիքը
Կը Սրէ Ուքրանիոյ Տագնապը» Կ՛ըսէ Փեքին

Հիւլէական զէնքի կիրարկման սպառնալիքը կը սրէ Ուքրանիոյ տագնապը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Հիւլէական պատերազմի սպառնալիքի ուռճացումը պիտի չօգնէ մեղմացնելու Ուքրանիոյ կացութիւնը, այլ միայն կրակի վրայ իւղ պիտի լեցնէ», յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Չինաստանի իշխանութիւնները տագնապի դիւանագիտական լուծման եւ կողմերու զսպուածութեան կոչ ուղղած են:

«Տագնապի կողմերը պէտք է շահագրգռուած ըլլան կացութեան լարուածութեան մեղմացումով», ընդգծած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Ներառումը Դարձաւ Ռուսական Հողերու Վերամիաւորման Տրամաբանական Շարունակութիւնը»

Յաջորդը

Շուէտ Ջնջած Է Թուրքիոյ Զէնք Վաճառելու Արգելքը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.