Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, նախանցեալ օր հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց հոկտեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Հայաստանի եւ աշխարհի 18 տարեկանէն վար ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ առաջին հարիւրին մէջ, երբ գրաւեց 78-րդ դիրքը:
Էլինա Դանիէլեան կը գտնուի 35-րդ դիրքին վրայ, Աննա Սարգսեան` 68-րդ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` 72-րդ դիրքերուն վրայ:
Տղոց դասաւորման մէջ, առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ, հետեւեալ ձեւով. Գաբրիէլ Սարգսեան` 33-րդ, Հայկ Մարտիրոսեան` 64-րդ, իսկ Շանթ Սարգսեան` 86-րդ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:


