Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արիւնոտ Լուսաբաց

October 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեպտեմբերի 26-ին հայը կ՛ապրէր:

Չգնահատած` անհոգ, խաղաղ ու երջանիկ կեանքի վերջին ժամերն էին: Հայոց երկրորդ մայրաքաղաքին` Ստեփանակերտի մէջ կը նշուէր քաղաքին օրը: Այլեւս աւանդոյթ դարձած էր սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը նուիրաբերել Արցախի քաղաքամայրին. կը զարդարուէր, կը պճնուէր իրեն յատուկ պարզ շքեղութեան մէջ ու կը զմայլեցնէր շուրջինները:

Աշխարհի քարտէսին վրայ աննշան, սակայն համայն աշխարհի չափ սիրտ ունեցող Ստեփանակերտը կը նշէր իր տօնը… Կոչուած վերջինը ըլլալու` սահմռկեցուցիչ գաղտնիք մը, ինչ որ պիտի գաղտնազերծուէր ժամեր անց: Տարեսկիզբէն ի վեր մեզ կը փորձէին վարժեցնել տօներու կորուստին: Բնականաբար ազգովին չկրցանք կարդալ տողատակերը: Այդ տարի ինքնակամ, կենդանի մարդիկ իրենց անունները գրեցին Ծիծեռնակաբերդի պատերուն: Անխռով ընդունեցինք 2020 թուականին մայիսեան եռատօն չտօնելու իրողութիւնը: Արցախիս ու Հայաստանիս անկախութեան օրերը մնացին օրացոյցի վրայ` թագաժահր է, հոգ չէ միւս տարի պիտի տօնենք: Սակայն միւս տարին, տարիները այլեւս չեկան, մնացին անյայտնութեան մէջ: Պարտաճանաչ ուսուցիչները ակնբախ մեզի մատուցեցին նիւթը, սակայն ամենավատ ուսանող աշակերտի պէս մենք բան մը չհասկցանք: Իսկ այն, ինչ որ հասկցանք, քողարկում էր:

Հետաքրքրական է. եթէ արցախցիի մը, հայու մը, հոգիով հայու մը հնարաւորութիւն տրուէր ընտրելու սեպտեմբերի 27-ը օրացոյցի վրայ տեղափոխելու ուրիշ օրի կամ տարիի մը, թերեւս պիտի պատռէր օրացոյցն ու կոտրէր այդ  առաջարկողին ձեռքը:

Օրացոյցէն պոկուած օրեր:

Ցիրուցան եղան կեանքեր` մատղաշ կեանքեր: Հողը հարստացաւ: Մանուկները որբացան: Կանայք ու մայրեր դարձան սեւազգեստ, հայրերը` ալեհեր: Անոնց հայեացքներուն մէջ դաջուած մնացին պատերազմը, ցաւն ու կսկիծը:

Սուգի ուրուական մօրուքը կը թափառի սրբազան հողիս իւրաքանչիւր մեթրին վրայ: Սափրուիլը պիտի դառնայ աւետիս, յաղթանակի աւետիս:

Հայու համար ժամը կեցաւ սեպտեմբերի 26-ին, իսկ պատերազմը կը շարունակէ ապրիլ, լկտիաբար տարածուիլ:

Գոյնզգոյն փուչիկներով զարդարուած դեղին հանրաշարժը տակաւին այսքան գեղեցիկ չէր եղած: Հանրաշարժը շատ ուրախ էր: Քաղաքիս մէջ մարդիկ մշտապէս կը սպասէին անոր: Սակայն այդ օրը` ա՛լ աւելի սրտատրոփ եւ ուրախ: Վերջինիս տեսնելով այդքան գեղեցիկ զարդարուած` այլեւս չէին փնթփնթար, աւելի՛ն,  նոյնիսկ կը շնորհաւորէին զիրար:

Վերջալոյսին կանգառէն յոգնած ու ինքնագոհ, նոյնիսկ տօնական զգեստը չհանեց: Կը պատրաստուէր լուսաբացին որսալու նոր հիացական հայեացքներ, անկեղծ ու բարի ժպիտներ: Եւ մնաց սպասումով…

Քաղաքս սովորական թմբիրէն արթնցաւ անսովոր ձայներէն… Վաղո՜ւց, շա՛տ վաղուց չէր լսած, սակայն անմիջապէս հասկցաւ` սկսած է…

Օր մը պիտի սկսէր` գիտէին, կը սպասէին, սակայն չէին սպասեր: Այդ օրը կը թուէր այնքան հեռու ու անհաս:

Քաջերը արթնցան, առանց վարանելու շտապեցին զինուորական բաժանմունքեր: Տօնական համազգեստով դեղին հանրաշարժը փորձեց ետ չմնալ… Ժամեր անց դեղին հանրաշարժին մէջ այլեւս տեղ չկար: Հայրենասէրները զբաղեցուցին բոլոր հասու տեղերը:

Դեղին հանրաշարժը իր երիտասարդ կեանքին մէջ առաջին անգամ պիտի մտնէր անտառ: Անտառը չսիրեց երփներանգ, ուրախ ու զուարթ փուչիկները, որոնք ետեւ-ետեւի պայթեցան: Դէպի ծանր պայթիւններ գացողներուն փուչիկներու թեթեւ պայթիւնները կը զուարճացնէին միայն: Ոմանց վերջին, ոմանց առաջին ժպիտը` վերահաս աղէտներու շեմին: Դէպի պատերազմ սլացող ուրախ հանրաշարժին մէջ բոլորը կը խնդային: Ներքին տագնապ կար, սակայն ժպիտը անպակաս էր: Յոյսն ու հաւատքը արթուն էին, ինչպէս երբեւէ, ուժն ու կամքն ալ` անկոտրում ու հաստատակամ:

Ուրախ հանրաշարժը տխուր վերադարձաւ, իսկ քաջերը անմահացան:

Արիւնոտ լուսաբացէն անցան երկու երկար ու ձիգ տարիներ:

Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

Կ՛աղաչեմ, ապրէ՛ Հայաստան, ապրէ՛ Արցախ:

Շնչեցէ՛ք Հայաստան ու Արցախ:

Ներէ՛ մեզ հայոց հող:

 

 

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայաշունչ «Մո՛ւրճ Կամ Զնդան Պիտի Լինիս» Ստեղծագործութեան Մարգարէական Պատգամը

Յաջորդը

Եկա՞ծ Է Վայրկեանը Քարտերը Բանալու…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.