Երէկ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնն ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոս, իրարու հետ դադրեցուցին իրենց համագործակցութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունենալով Քափարոսի հետ եւ փոխադարձ համաձայնութեան գալով անոր հետ, որոշեց չշարունակել համագործակցութիւնը:
Նկատի առնելով հաւաքականին այս տարուան արդիւնքները, 66 տարեկան Քափարոս այսուհետեւ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը չէ:
Մելիքբէկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քափարոսին` իր տարած աշխատանքին համար: Ան նշեց, որ Քափարոս իր ամէն կարելին ըրաւ լաւագոյն արդիւնքներուն հասնելու համար հաւաքականին հետ:
Աւարտին Մելիքբէկեան յաջողութիւն մաղթեց Քափարոսին` յառաջիկային իր կատարելիք աշխատանքներուն գծով:


