Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոնպասի, Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Ղեկավարները Կը Գտնուին Մոսկուա` Այսօր «Պատմական Որոշում Մը Որդեգրելու Համար»

September 30, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Ուքրանիոյ Խերսոն շրջանին մէջ տեղական կառավարման մարմինի փոխնախագահ Քիրիլ Սթերմոսով երէկ յայտարարեց, որ Զափորոժիէի ու Խերսոն շրջանի, ինչպէս նաեւ Տոնեցք ու Լուկանսք ժողովրդային հանրապետութիւններու ղեկավարները հասած են Մոսկուա` «պատմական որոշում մը որդեգրելու համար: Շատ շուտով Ռուսիոյ դաշնութեան հիմնադիր անդամներ պիտի ըլլանք»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Քրեմլին այսօր պիտի հիւրընկալէ ուքրանական շրջաններուն Ռուսիոյ միանալու համաձայնութիւններու ստորագրման արարողութիւնը` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի մասնակցի արարողութեան եւ խօսք մը պիտի արտասանէ:

Տոնպասի, Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մէջ 5 օր տեւողութեամբ տեղի ունեցած հանրաքուէի մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զօրակցեցաւ Ռուսիոյ միանալու որոշումին: Տոնպասի մէջ որոշումին զօրակցած է քուէարկողներուն 99,23 առ հարիւրը, Լուկանսքի մէջ` 98,42 առ հարիւրը, Զափորոժիէի մէջ` 93,11 առ հարիւրը, իսկ Խերսոնի մէջ` 87,05 առ հարիւրը:

Հետագային Քրեմլին յայտարարեց, որ հանրաքուէի արդիւնքներէն ետք, «ազատագրուած» շրջաններուն մէջ կացութիւնը օրինական գետնի վրայ արմատական փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, ինչ որ կը ներառէ նաեւ այդ հողերուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան տարրերը:

Էրտողան. «Բռնագրաւուած Տարածքները
Ուքրանիոյ Պիտի Վերադարձուին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Եթէ Ուքրանիոյ մէջ կ՛ուզենք խաղաղութիւն հաստատել, տարածքներու վերադարձը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ: Այս կը սպասուի, ասոր կարիքը կայ: Փութին որոշ քայլեր առած է, մենք որոշ քայլեր առած ենք: Բռնագրաւուած տարածքները Ուքրանիոյ պիտի վերադարձուին»:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Տոնպասի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջանները կրնան Ռուսիոյ մաս դառնալ: «Ատիկա կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ պարոն Փութինը, որուն ես կը ճանչնամ, եթէ միտքին մէջ բան մը դնէ, այդ ալ կը կատարէ, եւ նման իրավիճակ գոյութիւն ունի», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ այդ իսկ պատճառով մեծ նշանակութիւն կու տայ բանակցութիւններուն, զորս ան կը նախատեսէ մօտիկ ապագային կատարել Ռուսիոյ նախագահին հետ:

Նախորդը

Քրեմլին. «Հաստատօրէն Պետութիւն Մը Մեղսակից Է «Հիւսիսային Հոսք»-ին Դէմ Ահաբեկչական Յարձակումին»

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Կիսաւարտականի Մրցումները` Առանց Եւրոպայի Ներկայացուցիչներուն

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.