Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպանը կանչեց եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ռմբակոծման համար բողոքագիր մը յանձնեց:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Սահաֆ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Իրանի դեսպանին «բուռն ոճի» բողոքագիր մը պիտի յանձնուի:
Նախարարութիւնը դատապարտեց «Իրանի կողմէ Քիւրտիստանի մէջ շրջաններու ռմբակոծումն ու հրթիռակոծումը» եւ նշեց, որ «դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակի կեցուածքներու պիտի դիմէ ատոր կրկնութիւնը բացառելու համար»:
Ռմբակոծումը 13 զոհ եւ 58 վիրաւոր պատճառած էր:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր յայտնած է, թէ պահակագունդը 73 «ցամաքէ ցամաք» տիպի թեւաւոր հրթիռներ արձակած է եւ տասնեակ մը ականուած անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած է` խոցելով ու ամբողջութեամբ ոչնչացնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Նշենք, որ իրանեան հրետանին երէկ դարձեալ ռմբակոծեց Էրպիլի հիւսիսը գտնուող Սիտքանի շրջանները:


