Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը յայտնեց, որ 2022-ի Մոնտիալի կայացման համար Քաթար ծախսած է 208 միլիառ եւրօ` մարզադաշտերու, պանդոկներու, նոր ճամբաներու, մեթրոներու, օդակայանի արդիականացման շինարարութիւններուն համար:
Նշուեցաւ, որ 2018-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու համար Ռուսիա ծախսեց 13,2 միլիառ եւրօ:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալը պիտի սկսի 20 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 18 դեկտեմբերին:


