Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ անդրադառնալով ռուս-ուքրանական տագնապին լոյսին տակ հիւլէական զէնքի օգտագործման գրեց. «Պէտք է դարձեալ յիշեցնեմ` խուլերուն համար, որոնք միայն իրենք զիրենք կը լսեն: Ռուսիան իրաւունք ունի անհրաժեշտութեան պարագային հիւլէական զէնք օգտագործելու. կանխորոշուած պարագաներու` հիւլէական զսպման ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութեան հիմերուն խստօրէն համապատասխան:
«Եթէ մենք կամ մեր դաշնակիցները յարձակումի ենթարկուինք այս տեսակի զէնքի օգտագործումով: Կամ եթէ սովորական զէնքի օգտագործումով յարձակումը սպառնայ մեր պետութեան գոյութեան: Այս մասին ուղղակիօրէն վերջերս խօսած է Ռուսիոյ նախագահը»:
«Պատկերացուցէք, որ Ռուսիան ստիպուած է օգտագործել ամէնէն սարսափելի զէնքը ուքրանական վարչակարգին դէմ, որ կատարած է լայնածաւալ յարձակում, որ վտանգաւոր է մեր պետութեան գոյութեան համար: Ես կը հաւատամ, որ ՕԹԱՆ-ը նոյնիսկ այս կացութեան մէջ ուղղակիօրէն պիտի չմիջամտէ տագնապին: Ի վերջոյ, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի համար Ուաշինկթընի, Լոնտոնի, Պրիւքսելի անվտանգութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան ճակատագիրը կործանուող Ուքրանիոյ, որ ոչ ոքի պէտք է, թէեւ տարբեր զինատեսակներով առատօրէն կը մատակարարուի:
«Արեւմտեան երկիրներու համար ժամանակակից զէնքի մատակարարումը պարզապէս առեւտուր է, սակայն մեր նկատմամբ խիստ ատելութեան համադրութեամբ: Ոչ աւելին: Արտասահմանեան եւ եւրոպացի ամբոխավարները չեն պատրաստուիր հիւլէական ափոքալիփսի մէջ կործանուելու: Ուստի անոնք պիտի կլլեն ներկայ տագնապին մէջ որեւէ զէնքի օգտագործումը: Այսպիսի բան մը…»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով Մետվետեւի խօսքին, յայտնեց. «Փաստացիօրէն այնտեղ անդրադարձ կար մեր վարդապետական փաստաթուղթերուն, ուստի բաւական է այստեղ յիշել վարդապետութեան համապատասխան կէտը»:


