Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կանգնէ՛ Եւ Հակազդէ՛

September 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջին շաբաթները դժուար էին հայ ազգին համար ընդհանրապէս, եւ մեր հայրենիքի քոյր-երբայրներուն համար մասնաւորաբար: Նկատելի էր` պայծառ կերպով, տխուր եւ զուսպ յիշատակումը մեր հայրենիքի վերանկախացման օրուան: Պատճառները յստակ են եւ ընդունելի, երբ տակաւին 2020-ի Արցախեան վերջին պատերազմի վէրքերը չեն դարմանուած, ահա թէ ազերի թշնամին կը յարձակի հայրենիքի արեւելեան սահմաններուն վրայ, խլելով բազմաթիւ անմեղ զոհեր եւ պատճառելով նիւթական մեծ կորուստներ: Յարձակումները այժմ դադրեցան` ամերիկեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւն, Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի անակնկալ Հայաստան այցելութեամբ: Այսօր մենք կարողութիւնը ունինք պահ մը ետ նայելու եւ վերլուծելու թշնամիին անցեալի եւ ներկայի անընդհատ հնչող յարձակողական ճառերը եւ արարքները Արցախեան պատերազմի դադարէն ի վեր, շատ յստակ կ՛երեւի անոր մօտալուտ յարձակման տրամադրութիւնները մեր հայրենիքին վրայ: Բայց դժբախտաբար հայրենիքի կառավարութիւնը չուզե՛ց լսել, չուզե՛ց տեսնել, չուզե՛ց հասկնալ` նախընտրելով անտեսել դառն իրականութիւնը:

Ըլլալիքը եղաւ: Թշնամին յարձակեցաւ: Բազմաթիւ զոհեր տուիւնք: Մեծ տարածքներ կորսնցուցինք: Այո՛, ճակատամարտը կորսնցուցինք, բայց տակաւին պատերազմը իր աւարտին չհասաւ: Փորձենք վերլուծել վիճակը` ի միտի ունենալով լուծում գտնել:

Լաւ գիտենք աշխարհաքաղաքական վիճակը եւ դիրքը մեր հայրենիքին: 18-րդ դարէն ի վեր այս թատրերգութիւնը կը կրկնուի` մեր հայրենիքը ըլլալով շրջանի կռուախնձորը դրացի հզօր երկիրներու, պետութիւններու միջեւ: Միակ բանը, զոր կրնանք ընել այս հարցին նկատմամբ այն ալ ստեղծել է շահերու վրայ հիմնուած փոխյարաբերութիւններ` բազմաթիւ պետութիւններու հետ: Այսօր մեր հայրենիքի միջազգային կապերը շատ տկար եւ նօսր են. գրեթէ գոյութիւն չունին:

Նոյնչափ կարեւոր է այն կէտը, որ թշնամին նաեւ հոգեբանական պատերազմով կրցաւ մեզ յոգնեցնել եւ մեզ յարաբերաբար անզգամ դարձնելը. երբ անցեալին մէկ զինուոր կը նահատակուէր, ամբողջ հայութիւնը կը ցնցուէր, ապա, ժամանակի ընթացքին այդ դժբախտ արարքը սկսաւ բազմապատկուիլ, որովհետեւ մեր կառավարութեան ցուցմունքներով եւ հրահանգնելով անհրաժեշտ ուժգնութեամբ չհակադարձեցինք թշնամիին, չհարուածեցինք զայն, ժամանակի ընթացքին սկսանք կրաւորական հոգեվիճակի մէջ մտնել. ապա թշնամին սկսաւ ներթափանցել կարգ մը գիւղեր, գերի տանիլ հայ բնակիչներ` մեր զինուորներուն կողմէն հարկ եղած հակադարձ հարուած չստանալով: Այս բոլորը մեզ աւելի ու աւելի թմրեցուցին ու ձեռքերնիս ծալած ականատեսներ դարձանք: Ահաւասիկ անոնք յարձակեցան եւ գրաւեցին մեր հողերը. ի՞նչ ըրինք մենք այս թմրած հոգեվիճակով. ի՞նչ ըրինք բացի աղմուկ բարձրացնելէ եւ կամ քանի մը ցոյց կազմակերպելէ: Արդեօք որովհետեւ մենք վախկոտ ժողովո՞ւրդ ենք, ո՛չ, երբե՛ք. մեր պատմութեան էջերը լեցուն են դիւցաներգութիւններով. արդեօք մենք հայրենասէր չե՞նք, ո՛չ անգամ մը եւս ո՛չ, մեր նահատակ եղբայրներուն շիրիմները վկայ մենք գերազանց հայրենասէր ենք. հապա ուրեմն ինչո՞ւ. պարզապէս որովհետեւ առաջին օրէն չպատասխանեցինք, չհարուածեցինք, չհակադարձեցինք ու չցաւցուցինք թշնամիին եւ այդ բոլորը պատճառ դարձան, որ մենք ձեռնածալ թմրած հոգեվիճակի մէջ սուզուինք:

Արթնցի՛ր խոր թմբիրէդ ո՛վ հայ անձ. հայրենիքդ պիտի անհետանայ աշխարհագրական քարտէսէն. ականջդ լաւ բաց եւ լսէ թշնամիին օրական հնչող յայտարարութիւնները, թէ ան քեզ պիտի ոչնչացնէ. պատրա՞ստ ես երկրորդ ցեղասպանութեան, պատրա՞ստ ես: Արթնցի՛ր եւ հակազդէ՛ այսօր իսկ, որովհետեւ վաղը վստահ թէ ուշ է, թերեւս վաղը ոչ եւս կրնաս ըլլալ: Արթնցի՛ր թմբիրէդ, ձեռք ձեռքի, մէկ բազուկ, մէկ սիրտ, միակամ, միասնակամութեամբ հարուածե՛նք թշնամիին. հիմա՛ կամ երբե՛ք. ատենը չէ երկփեղկումի. ատենը չէ իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու կամ իրարու դէմ պայքարելու, կրնայ ըլլալ, թէ վերջին առիթն է, որ ամէն հայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իր մարզին մէջ աջակցութիւնը ցուցաբերէ, ճիգ չխնայէ օգտակար դառնալու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Չյենինք ալ միա՛յն արեւմուտքին կամ արեւելքին, այլ կեդրոնանանք մեր ուժերուն վրայ: Օտարը մեզի չ՛օգներ, եթէ նախ ինքը մեզմէ չօգտուի: Ուրեմն ժամանակ չկորսնցնենք եւ երբեք չխաբուինք օտար դիւանագէտներու ազնիւ եւ յուսադրիչ արտայայտութիւններէն: Իրականութիւնը այն է, որ իրենց համար այո՛ ազերիին կազն ու քարիւղը աւելի ծանր կը կշռեն մեր արիւնէն: Երբե՛ք չխաբուինք, թէ մեր առաջին քրիստոնեայ պետութիւն ըլլալը ծանր կը կշռէ Եւրոպային կամ այլ քրիստոնեայ պետութիւններուն համար, երբե՛ք:

Ասկէ ետք հայութիւնը մէկ է: Զգացականօրէն սփիւռք եւ հայրենիք մէկ են: Գերադասենք մեր ազգային շահերը ամէն բանէ: Մեր հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր: Կա՛մ հայ ես, կամ` ո՛չ: Եթէ հայ ես այսօ՛ր իսկ պայքարէ, մարտն՛չէ, դէմ դիր թշնամիին, եթէ ոչ պիտի անցնիս վասակներու շարքին եւ պատմութիւնը քեզ պիտի դատէ: Կ՛ուզեմ տողերս աւարտել, ազգային ֆիտայական երգի մը բառերով, որոնք պատշաճ են այս պահուս:

Ան կ՛ըսէ. «Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է թո՛ղ գայ
Մահ-պատերազ մի օրհաս է,
Ո՛վ որ անվախ, քաջ է թո՛ղ գայ»:

 

 

Նախորդը

Կարդինալ Եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Երանացման Դատին Առթիւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.