Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ինծի Նմանները Հանրապետութեան Նախագահ Չեն Կրնար Ըլլալ, Իսկ Մենք Կը Մերժենք Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալը»

September 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Զղարթայի մէջ կուսակցութեան երիտասարդական գրասենեակի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէջ իրենք արժանապատուութիւն ժառանգած են կուսակցութեան հիմնադիրէն, «սակայն ոչինչ դիւրաւ չենք ստացած, այլ` պայքարելով: Ամէնէն դիւրինը այն էր, որ ոչ ոքի հետ կռուէինք եւ հակադրութեան մէջ դրուէինք, այլ` միաձուլուէինք անոնց քաղաքականութեան մէջ, սակայն մեր արժէքները կը կայանան այն ուղիներուն մէջ, որոնք փշոտ են ու չարչրկող, որովհետեւ անոնք են ճիշդ ուղիները», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ այնքան ատեն որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կայ, ապա ոչ ոք կրնայ սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը խախտել` աւելցնելով, որ իսկական փոփոխութիւնը կարելի կը դառնայ երկրին վարչակարգը զարգացնելով եւ տնտեսութիւնը բարեկարգելով:

Անդրադառնալով «հզօր» բառը ծաղրողներուն` Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի զօրութիւնը անոր բանակին, ժողովուրդին, նախագահին եւ կուսակցութիւններուն զօրութենէն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի զօրութեան շնորհիւ է, որ այսօր Իսրայէլ եւ աշխարհը կը համոզուին ծովային սահմանագծում կատարելու անհրաժեշտութեամբ:

«Հետեւաբար ծովային սահմանագծումը ներկայ իշխանութեան ընթացքին կամ անկէ ետք կատարուելու պարագային, պիտի մնայ յաղթանակ մը, զոր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արձանագրած է Լիբանանի պատմութեան մէջ», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենք կը փափաքին նախագահական ընտրութիւն կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին: «Մենք կը մերժենք նախագահական աթոռի թափուր մնալը», յայտնեց ան` ընդգծելով, որ իր նմանները հանրապետութեան նախագահ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ բոլորին հետ հակադրութեան մէջ են: «Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ բոլորին հետ հակադրուած անհատ մը դառնայ բոլորը գոհացնող հանրապետութեան նախագահ մը», հարց տուաւ ան:

 

Նախորդը

Ժահժահ Վերանորոգում Պլոքին Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Դեսպաններն Ու Հարաւային Ֆրանսայի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.