Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Ազգային Սեմֆոնիկ Նուագախումբը, Ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակը Նշեց Հալէպի Մէջ

September 26, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ       

Հինգ տարիներ` 2012-2017, հակապետական ընդդիմադիր ուժեր պաշարեցին Հալէպի  պատմական բերդը: Քաղաքի հնադարեայ շրջանի կոթողները եւ պետական կառոյցները մեծ մասամբ քանդուեցան, սակայն բերդը պաշտպանող պահակագունդը մնաց անպարտելի` հինգ հազար տարուան ամրոցին գոյութիւնը հաստատելով:

Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հաստատման յիսնամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեամբ պատկան նախարարին եւ ներկայութեամբ Հալէպի պետական աւագանիին:

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ կը ներկայացուէր յիսնամեակի մը գործունէութիւնը, ուշագրաւ էր, որ 2009-ին Սուրիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած էր ութուկէս միլիոնի:

Ռոսինիի «Սեւիլիայի սափրիչը» եւ Պիզէի «Քարմեն» օփերաներէն հատուածներով սկսաւ նուագախումբին յայտագիրը, ապա մենք վայելեցինք հայկական տուտուկը` արուեստագէտ Մոհամետ Ըզզաուիի շունչով, Խաչատուր Աւետիսեանի «Կեռասի ծաղկուն ծառերը»` հայկական նազպարի ընկերակցութեամբ, զոր կատարեցին ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» պարախումբի երեք մանկամարդուհիներ:

Տիմիթրի Շոսթաքովիչի ստեղծագործութենէն հատուածի մը մեկնաբանութենէն ետք սուրիացի երաժիշտ Նուրի Ռահապնիէն` «Պէյթ ապուհա» եւ «Պընթ էլ շալապիէ» կտորներու մեկնաբանութեան միջոցին տեսերիզով մը նշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Հալէպի խորհրդանիշ Սապահ Ֆախրին:

Հայազգի Արամ Խաչատուրեանն ալ իր տեղը ունեցաւ յայտագրին մէջ, նուագախումբի մեկնաբանութեամբ ներկայացուեցաւ «Գայեանէ»-էն չորս կտորներ:

Յայտագիրի աւարտին Եոհան Շթարուսի «Ռետեթսքի մարշ»-ի մեկնաբանութեան ընթացքին ժողովրդային ծափերու տակ բեմ բարձրացան հալէպահայութեան երեք երգչախումբերու` Համազգայինի «Զուարթնոց»-ի, ՀԲԸՄ-ի «Սպենդիարեան»-ի եւ հայ կաթողիկէ «Նարեկացի»-ի անդամներ` նուագախումբի ընկերակցութեամբ մեկնաբանելով Քարլ Օէֆի «Քարմինա Պուրանա»-ի նախերգանքը:

Սուրիահայութեան տառապանքին ծանօթ ըլլալով, ապրելով նաեւ կենցաղային դժուար պայմանները` պետական այս փառաշուք հանդիսութեան հայկական մասնակցութիւնը կը հաստատէ, որ գաղութը կը մնայ պատնէշի վրայ:

Հալէպ                       

 

Նախորդը

Հրանդ Մաթեւոսեան (Ժգ.) Ահնիձորէն` Մուսա Լեռ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովին

RelatedPosts

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

February 3, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.