Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն. Հայ Դատի Ընդհանուր Ուղղութիւններուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին Դասախօսեց Շահան Գանտահարեան

March 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան շաբաթ, 3 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի ընդհանուր ուղղութիւնները» նիւթով դասախօսական երեկոյ մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը միութեան անունով արտասանեց Ռազմիկ Միքայէլեան, որ նշեց, թէ հայ ուսանողութիւնը պէտք է շարունակէ պահանջատէր մնալ իր արդար դատին: Միքայէլեան հաստատեց, որ Հայ դատը պէտք է իւրաքանչիւր հայու համար դառնայ ամէնօրեայ մարտահրաւէր:

Ապա Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան դաշնակով նուագեց «Տլէ եաման»-ը եւ «Կռունկ»-ը, ապա դասախօսութիւնը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Գանտահարեան յայտնեց, որ հայ-ազրպէյճանական միջնորդուած բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցուած հիմնական բաժինը զինադադարն է, որ անվերջ կը խախտուի ազրպէյճանական կողմէն: Ան նշեց, որ Հայ դատի աշխատանքներուն առաջադրանքը ներկայիս Արցախի ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելն է: Հետաքրքրական է նշել, որ առաջին պետութիւնը, որ յայտարարեց, թէ կը նախապատրաստուի քննարկել Արցախի անկախութեան ճանաչումը, Ուրուկուէյն է, որ անցեալին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն էր:

Խօսելով Ջաւախքի հարցին մասին` Գանտահարեան յայտնեց, որ Վրաստանը դաշնակցային պետութեան վերածելը լուծում կրնայ բերել ներվրացական խնդիրներուն եւ ինքնավարութիւն կրնայ շնորհել տարբեր ազգաբնակչութիւններուն կողքին նաեւ հայերուն:

Իսկ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց թաքուն նպատակները ներկայացնելէ ետք դասախօսը շեշտեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները ստորագրելով ճանչցած կ’ըլլայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ փաստօրէն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութենէն հրաժարումի համազօր քայլ մըն է:

Ան ըսաւ, որ պոլսահայութեան մօտ հետզհետէ կը նկատուի որոշ համարձակութիւն ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ պահանջելու առումով: Շահան Գանտահարեան  հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշխատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է նկատել:

Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղելու հարցին վերաբերեալ Գանտահարեան ըսաւ, որ նախագահ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները աննախադէպ էին իրենց ուժգնութեամբ եւ տարողութեամբ, այսուհանդերձ այս բոլոր հոլովոյթներէն ետք օրինագիծին հակասահմանադրական յայտարարուիլը աւելիով կը խորացնէ հարցումներուն ետին գտնուող շարժիչ գործօնները բացայայտելու տրամաբանութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար միջազգային օրէնքներով զինուած քաղաքական աշխատանքներուն կողքին, հայութիւնը միջազգային ատեաններուն մէջ թուրքերուն դէմ յանդիման գալու պատրաստ պէտք է ըլլայ:

Դասախօսութենէն ետք Կասիա Պարսումեան դաշնակի վրայ նուագեց «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը, ապա խօսք առաւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ այսօր հայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիր գոյութիւն ունի, եւ հայութիւնը պէտք չէ մոռնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայր սուրբը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւնները պէտք է արագօրէն ընթացք առնեն, եւ այսուհետեւ հատուցումը պէտք է դառնայ մեր հիմնական օրակարգը, որուն համար պէտք է պատրաստել համապատասխան թղթածրարները:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-Ին Մէջ Ճենտերեճեան Եղբայրներուն Կատարումները Արժանացան Ներկաներու Բարձր Գնահատանքին

Յաջորդը

«Ազդակ» Մօտ Օրէն Կ՛Անդրադառնայ Տէյվիտ Ֆիլիփսի Մենագրութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.