Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 52-րդ Լսարան. «Հայ Շարականագիտութիւնը Շատ Բան Կը Պարտի Պետրոս Պիանքինիին». Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան

September 23, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 52-րդ լսարանին նիւթն էր «Պետրոս Պիանքինի եւ Ս. Ղազար. իտալացի «կտրիճ երաժիշտը» եւ իր սիրած «վսեմ ու երկնային եղանակները»: Դասախօսեց Փրակայի  Կարոլեան  համալսարանի երաժշտական  համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Իւթիւճեան նախ հաստատեց Պիանքինիի եզակի դէմք ըլլալու իրողութիւնը: Իտալացի հանճարեղ երգահան մը, որ 1850-ական թուականներուն գրի առած է  Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան երգեցողութիւնները` փրկելով մեր շարականական գոհարները: Դասախօսը հաստատեց, որ հայ շարականագիտութիւնը այս իմաստով մեծ բան կը պարտի իտալացի երգահանին:

Դասախօսութիւնը յագեցած էր արխիւային նիւթերու վրայ հիմնուած շատ կարեւոր ու շատ յաճախ անյայտ տեղեկութիւններով եւ այդ բոլորին առնչութիւնները իրար ագուցելով կատարուած վերլուծումներով:

Դասախօսութեան համաչափ տեւեց անոր հետեւած հարցումներու եւ քննարկումի բաժինը: Լսարանին մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին նման նիւթի մասնագիտական ներկայացման համար եւ առաջարկեցին, որ դոկտ. Իւթիւճեան այլ թեմաներու մասին եւս դասախօսութիւններ ներկայացնէ «Ազդակ»-ի լսարանին:

Դոկտ. Իւթիւճեան ինք եւս հաստատեց, որ մեծ գոհունակութիւն ապրած է նման լսարանի համար դասախօսելով եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց հայ երաժշտութեան վերաբերող մասնագիտական այլ նիւթեր ներկայացնելու:

Յոյժ թելադրելի է հետեւիլ դասախօսութեան ամբողջական արձանագրութեան` այցելելով «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքը https://youtu.be/HjVBxSp7Ydc

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Կայուն Ուժանիւթը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.