Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Միացած Տարածքներու Պաշտպանութեան Համար Կարելի Է Որեւէ Զէնք, Ներառեալ Հիւլէականը Օգտագործել» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

September 23, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց. «Ուքրանիայէն Ռուսիոյ միացած տարածքներու պաշտպանութեան համար Մոսկուայի զինանոցին մէջ գտնուող որեւէ զէնք, ներառեալ հիւլէականը կարելի է օգտագործել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Ռուսական ու անջատողական իշխանութիւններուն կողմէ ուքրանական լայն տարածքներու վրայ ծրագրած հանրաքուէները պիտի կայանան, ետդարձ չկայ», ըսաւ Մետվետեւ:

«Արեւմտեան կառոյցն ու ընդհանուր առմամբ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու բոլոր քաղաքացիները պէտք է հասկնան, որ Ռուսիան իր սեփական ուղին ընտրեց», նշեց ան:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մէկ օր առաջ ռուսական բանակի մասնակի զօրակոչ յայտարարեց` նշելով. «Կանխարգելիչ հարուած հասցնելու որոշում տուի, եւ ատոր նպատակը Տոնպասի հողերը ազատագրելն է»:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքի պարագային պիտի օգտագործուին պաշտպանութեան բոլոր միջոցները:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ մասնակի զօրակոչի յայտարարութենէն ետք Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան կարգավիճակը չէ փոխուած` աւելցնելով. «Այն ինչ որ Ուքրանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, տակաւին զինուորական յատուկ գործողութիւն կը նկատենք եւ ոչ թէ պատերազմ»:

«Մասնակի զօրակոչի որոշումին պատճառը այն իրականութիւնն է, որ Ռուսիան այժմ ՕԹԱՆ-ի հետ կը ճակատի», նշեց Փեսքով:

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի Եւ Արցախի Նախկին Նախագահները Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ-Էլեքթրա «Էն. Էս. Էյ.» Մրցումով Կը Սկսի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2022-2023 Տարեշրջանը

RelatedPosts

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք.  Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն
Գլխաւոր լուրեր

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն

November 9, 2026
Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային  Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող  Առանցքային Երթուղի Է»
Միջազգային

Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.