ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքով ազրպէյճանական զինուժի զանգուածային յարձակման ժամանակ զոհուած է աւելի քան 200 հայ զինուոր եւ խաղաղ բնակիչ: Աւելի՛ն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ տարածքներ զիջած է Ազրպէյճանին:
Ազրպէյճանական կողմի հրահրած այս յարձակումը կը յաջորդէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին, երբ Ազրպէյճան բռնագրաւեց Արցախի մեծ մասը եւ սպաննեց հազարաւոր հայ զինուորներ:
Այդ ժամանակէն ի վեր Ազրպէյճան պարբերաբար յարձակումներ կ՛իրականացնէ Արցախի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի վրայ: Ազրպէյճանական զինուժը Հայաստանի սահման ներթափանցած է 12 մայիս 2021-ին եւ մինչ օրս կը գտնուի հոն:
Հանդիպելով քաղաքականապէս եւ ռազմական առումով թոյլ Հայաստանի, Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, բիրտ ուժ կիրարկելով` ճնշում կը գործադրէ յաւելեալ զիջումներ կորզելու համար, որոնք կը ներառեն արցախահայութեան մնացորդներուն վերացումը եւ հայկական աւելի մեծ տարածքներու բռնագրաւումը: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան բազմիցս կը պնդէ, որ Հայաստան ընդունի այն, ինչ որ ինք կ՛անուանէ «Զանգեզուրի միջանցք», որ կ՛ենթադրէ ազրպէյճանական ինքնիշխանութիւն` Հայաստանի մէջէն անցնող ծրագրուած ճամբու վրայով Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան:
Մինչ Հայաստանի վարչապետը շարունակաբար կը յայտարարէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու իր ցանկութեան մասին, այս երկու թշնամական երկիրները կը շարունակեն սպառնալիքներ հնչեցնել` ուժով հասնելու համար իրենց պահանջներուն:
Հայաստան կ՛ակնկալէ պաշտպանուած ըլլալ ՀԱՊԿ-ի կողմէ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն), որուն կազմին մէջ կը մտնեն` Հայաստան, Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզստան եւ Տաճիկստան: ՀԱՊԿ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրը այն է, որ բոլոր անդամներէն կը պահանջէ պաշտպանել իրենցմէ ոեւէ մէկը, երբ վերջինս արտաքին ուժի մը կողմէ կ՛ենթարկուի յարձակման: 2020-ի պատերազմին ՀԱՊԿ չպաշտպանեց Արցախը, քանի որ անիկա Հայաստանի մաս չէր կազմեր: Թէեւ անցեալ շաբթուան յարձակումը ակնյայտօրէն Հայաստանի տարածքին մէջ էր, սակայն ՀԱՊԿ չհասաւ Հայաստանի պաշտպանութեան: Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու ներգրաւուածութեան պատճառով նախագահ Փութին ո՛չ կ՛ուզէ, ո՛չ ալ ի վիճակի է իր զօրքերը ուղարկել երկրորդ ռազմաճակատ: Ընդհակառա՛կն, Ռուսիա ամէն բան կ՛ընէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու համար, որոնք Ռուսիոյ համար շատ աւելի կարեւոր են, քան` Հայաստանը, յատկապէս այն ժամանակ, երբ Ռուսիա մեկուսացուած է արեւմտեան աշխարհէն: Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քանի մը այլ ղեկավարներու հետ հաւաքուած էին Ուզպեքստանի Սամարղանտ քաղաքը` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին: Հայերը յուսալքուած էին Փութինի եւ Ալիեւի խիստ սիրալիր հանդիպումէն եւ Փութինի ու Էրտողանի թեւանցուկ զբօսանքի տեսանիւթերը դիտելէ ետք: Առաջին անգամ Հայաստանի կառավարութեան քանի մը բարձրաստիճան անդամներ իրենց հիասթափութիւնը արտայայտեցին ՀԱՊԿ-ի անգործութեան մասին, այն պահուն, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀԱՊԿ-ի ներկայ նախագահն է:
Հայաստանի դրացի երկիրներէն երկուքը ցոյց տուած են իրենց հակասական փոխադարձ դիրքորոշումները` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք: Իրան իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի հարաւային սահմանին եւ` բազմիցս յայտարարած, որ անընդունելի է բռնի ուժով Իրան-Հայաստան սահմանի փոփոխութիւնը: Միւս կողմէ` Թուրքիան իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի արեւմտեան սահմանին վրայ այն բանէն ետք, երբ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ազրպէյճանի` անհիմն դատապարտելով Հայաստանը` Ազրպէյճանի վրայ յարձակում նախաձեռնելուն համար:
Հայերը գոհ էին, որ միջազգային հանրութիւնը վերջապէս սկսաւ ուշադրութիւն դարձնել Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ իրականացուած յարձակումներուն: Ֆրանսայի հրաւէրով եւ Հայաստանի խնդրանքով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անցեալ շաբաթ երկու նիստ գումարեց մէկը բաց, միւսը` փակ, քննարկելու համար Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ: Հայերը դժգոհ էին, որ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր բացառապէս Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ` անտեսելով Հայաստանի ծանր վիճակը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները (Ֆրանսա, Հնդկաստան, Ալպանիա, Կապոն, Նորվեկիա, Իրլանտա, Քենիա, Չինաստան, Մեքսիքա, Ղանա, Պրազիլ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա), ի յաւելումն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ելոյթ ունեցան ռազմական գործողութիւններու մասին: Միայն Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա իրավիճակը որակեցին յարձակում, Հայաստանի սահմաններէն ներս: Խորհուրդին մնացեալ անդամները յորդորեցին Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, առանց Ազրպէյճանը նախայարձակ անուանելու:
Դրական մէկ այլ զարգացում էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի անակնկալ այցը Հայաստան` Քոնկրեսի հայամէտ երեք այլ անդամներու հետ: Հաշուի առնելով Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի անգործութեան վերաբերեալ հիասթափութիւնը` հայերը ջերմօրէն ընդունեցին խօսնակը, որ հանդէս եկաւ շատ աջակցող պատգամով` դատապարտելով Ազրպէյճանը Հայաստանի վրայ կատարած յարձակման համար: Երբեւէ Հայաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեան` Փելոսին, տեսած են արցունքն աչքերուն` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ: Ան նաեւ այցելած է խորհրդարան, հրաւիրած` ասուլիսի, հանդիպած` պաշտպանութեան նախարարին եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ:
Ողջունելի զարգացում մըն է Հայաստանի յարաբերութիւններուն ընդլայնումը հնարաւորինս շատ աջակից երկիրներու հետ: Սակայն ոչինչ կը փոխարինէ Հայաստանի` սեփական զինուած ուժերը հզօրացնելու միջոցով պաշտպանուելու կարողութեան: Ուրիշ ոչ ոք այդ կ՛ընէ Հայաստանի համար: Հայերը պէտք է հրաժարին այն համոզումէն, որ զիրենք պիտի փրկէ դուրսի ուժը` անիկա ըլլայ ռուսը, թէ ամերիկացին: Ոչ ոք փրկած է եւ պիտի փրկէ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


