Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած զուիցերիացի անուանի թենիսմեն Ռոժէ ֆետերեր հասաւ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք` Լոնտոն` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Լէյվըր բաժակի միջազգային ցուցադրական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 23-25 սեպտեմբերին:
41 տարեկան ֆետերեր նախորդ շաբաթ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս մրցաշարքը իրեն համար պիտի ըլլայ վերջինը` նկատի ունենալով, որ անկէ անմիջապէս ետք վերջ մը պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան իր ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 103 տիտղոսներու եւ միայն ետ կը մնայ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած Ճիմի Քանըրէն (109 տիտղոս):
Նշենք, որ Ֆետերեր վերջին անգամ տիտղոսակիր դարձաւ չորս տարի առաջ, երբ տիրացաւ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին:


