Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի երէկ յայտնած է, որ այսօր պիտի այցելէ Հայաստան:
Ան երէկ Պերլինի մէջ խօսած է լրագրողներու հետ եւ նշած, որ մտադիր է Հայաստան մեկնիլ պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Քալիֆորնիա նահանգէն հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսական Ճեքի Սփիրը:
«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, Փելոսի մերժած է ճամբորդութեան մասին այլ մանրամասնութիւններ յայտնել` նշելով, որ Քոնկրեսի ճամբորդող անդամները «չեն սիրեր թիրախ ըլլալ»:
«Փոլիթիքօ» օրաթերթը ուրբաթ օր` վկայակոչելով այցելութենէն տեղեակ երկու անձեր, հաղորդած էր, որ Փելոսին շաբաթավերջին պիտի մեկնի Հայաստան` աջակցելու համար Ազրպէյճանի հետ մահացու կռիւի մէջ գտնուող երկրին:


