Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ ետք շարունակեց գումարել 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը:
Քննարկումին շարունակումէն ետք խորհրդարանը ամավարկին վերաբերող կարգ մը կէտեր վաւերացուց, սակայն հարցը ծագեցաւ, երբ վարչապետ Միքաթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է մաքսատնային տոլարի սակը 15.000 լ. ոսկիի բարձրացնել, ինչ որ պատճառ դարձաւ մեծ թիւով երեսփոխաններու խորհրդարանէն դուրս գալուն, հետեւաբար նիստին օրինաթիւին խախտման:
Պըրրիի կողմէ նիստը յետաձգուեցաւ երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2022-ին:
Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Յարձակումներ`
Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիներուն Կողմէ
Դրամատուներուն վրայ արդէն իսկ սկսած զինեալ յարձակումներն ու դէպքերը երէկ սաստկացան ու բազմացան` թիրախ դարձնելով տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող զանազան դրամատուները:
Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող հինգ քաղաքացիներ զէնքով մուտք գործեցին հինգ տարբեր դրամատուներ եւ պահանջեցին իրենց գումարները:
Դրամատուներու մուտքի այս ֆիլմաշարը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ղազիէի «Պիպլոս» դրամատունէն, երբ Մոհամետ Քուրքումազ, իր զաւկին ընկերակցութեամբ, ներխուժեց դրամատուն:
Անոնք կը կրէին ատրճանակ մը, դանակ մը եւ պենզին, որ գետին թափեցին եւ սպառնացին հրկիզել դրամատունը, եթէ իրենց հաշիւը չկարենան ունենալ:
Քուրքումազ 8 պաշտօնեաներ պատանդ վերցուց ժամերու տեւողութեամբ, ապա ան կրցաւ 19 հազար տոլար ստանձնել: Գումարը ստանալէ ետք, Քուրքումազ զայն յանձնեց երրորդ անձի մը եւ անձնատուր եղաւ ապահովութեան ուժերուն:
Թարիք Ժտիտէի «Պլոմ» դրամատան մասնաճիւղին մէջ արձանագրուեցաւ այլ դէպք մը, երբ Ապըտ Սուպրա դաշոյն մը եւ ատրճանակ մը առնելով մուտք գործեց դրամատուն եւ պահանջեց հոն ունեցած իր 165 հազար տոլարը յանձնել, ինչպէս նաեւ պահանջեց իր եղբօր եւ քրոջ պատկանող 110 հազար տոլարի գումարը:
Դրամատունը անոր առաջարկեց 40 հազար տոլար վճարել` 12.000 սակի փոխարժէքով, ինչպէս նաեւ 11.000 ամ. տոլար:
Սուպրայի հետ բանակցութիւնը վարելու նպատակով դրամատուն մուտք գործեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի, որուն անձին դէմ բողոքեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի համակիրները:
Ռամլեթ Պայտայի մէջ «Լեպանոն էնտ կալֆ» դրամատուն մուտք գործեց Ժաուատ Սլիմ, որ 50 հազար տոլար ունէր դրամատան մէջ:
Ան որսի զէնքով մուտք գործեց դրամատուն եւ պատանդ վերցուց վեց պաշտօնեաներ: Անոր հետ ընթացող բանակցութիւնները առաջարկեցին անոր յանձնել 15.000 տոլար, մինչ ան պահանջեց 35.000 տոլար:
Սլիմ արժանացաւ մեծ զօրակցութեան:
Շհիմի «Մետ» դրամատան մէջ բանակային Քարիմ Սարհալ օդին մէջ կրակեց եւ պահանջեց իր գումարները:
Հինգերորդ գործողութիւնը տեղի ունեցաւ «Լիպանօ ֆրանսեզ» դրամատան մէջ, Քաֆաաթ, Մոհամետ Մուսաուիի կողմէ:
Մուսաուի իր գործողութիւնը վիտէօ նկարեց` հաստատելով, որ դրամատան մէջ հաշիւ ունի, ու իր ընտանիքը դժուար ու ծանր օրեր կ՛ապրի:
Քանի մը ժամուան ընթացքին կատարուած այս գործողութիւնները պատճառ դարձան, որ Դրամատուներու միութիւնը արագ որոշում մը տայ` 19, 20 եւ 21 սեպտեմբերին փակ պահելով դրամատուները:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Հաժ հաստատեց, որ դրամատուները փակելու որոշումը կրնայ փոխուիլ եւ դրամատուները ցնոր տնօրինում կրնան փակուիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ պաշտօնեաներուն ապահովութիւնը երաշխաւորել:


