Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ վերահաստատեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ երկրին փրկութեան եւ Լիբանանի զարթօնքին համար պէտք եղած բարեկարգումներուն վերաբերեալ յստակ տեսլական ունի, ինչպէս նաեւ կարողութիւն ունի նուաճումներ իրագործելու եւ կառչած կը մնայ երկրին ամբողջական գերիշխանութեան:
Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ հանրապետութեան նոր նախագահը կարենայ լուծել Հըզպալլայի զէնքին հարցը:
Միւս կողմէ, Կրիօ այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:


