Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Արագ ճատրակ-960»-ի «Չեմփիընզ Շոտաուն» մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան 36-րդ շարժումին յաղթեց աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան հայազգի Կերի Գասպարովին, որ կը ներկայացնէ Խրուաթիան:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը անուանի ճատրակ խաղացողներ:
Մրցաշարքը բաղկացած է 9 հանգրուանէ, իսկ անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 150 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 37.500 ամերիկեան տոլար:


