Ինքզինք յարգող անձ մը կը յարգէ պատշաճութիւնները եւ ո՛չ ինքզինք, ո՛չ ալ իր շուրջինները անհաճոյ կացութիւններու կը մատնէ:Պատշաճութիւնները յարգելը ընկերային պարտադրանք մը չէ, ո՛չ ալ անհատին ազատութիւնները կաշկանդելու սահմանափակում մը:Ասիկա պարզապէս շատ լաւ միջոց մըն է ընկերային քաոսային վիճակներէ խուսափելու համար:
Հիմա փոխադրուինք եկեղեցի մը, ուր սուրբ պսակի արարողութիւն կը կատարուի: Հարսնեւորները շարք- շարք նստած են երկար նստարաններուն վրայ եւ կը սպասեն, որ հարսն ու փեսան եկեղեցի մտնեն, եւ կրօնական արարողութիւնը սկսի ու վերջանայ, որովհետեւ ամէն ոք անհամբեր կը սպասէ հարսանեկան խրախճանքին, որ պիտի կատարուի գիւղի մը ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Օդը տաք է, եւ ամէն ոք «կ՛եփի»: Կիները իրենց երեսներուն քսած բրնձափոշիին եւ ներկերուն քանի մը շերտերուն տակ հազիւ կը շնչեն: Ոմանց մազերն ալ յանկարծ այդ օր խիտ ծալքեր եւ ծոպեր ունին: Երէկ այդպէս չէր, եւ յստակ է, որ վարսայարդարը կեղծամներու փունջեր փակցուցած է բնական մազերուն տակը, եւ ահա գրեթէ հերարձակ կիներ շարք- շարք նստած են ու կը սպասեն:
Խնդիրը, սակայն, հարսնեւորներուն մէկ մասին եւ հարսին, ու ինչո՞ւ չէ, նաեւ կնքամօր կիսամերկ վիճակն է, որ եկեղեցւոյ մէջ արտառոց եւ նեղացուցիչ կացութիւն մը կը ստեղծէ: Հարսնեւորներէն մին կանգնած է, որովհետեւ այնքան նեղ է հագուստը, որ չի կրնար նստիլ: Եթէ նստի, կռնակէն քիչ մըն ալ վար գտնուող կերպասին այդ բաժնին կարը պիտի քակուի, եւ հագուստը գետին պիտի իյնայ` անհամ վիճակ մը ստեղծելով: Ուրեմն աւելի լաւ է կանգնած մնալ եւ աջ ու ձախ ժպիտներ արձակել` ուրախ ու հանգիստ ըլլալու կեղծ տպաւորութիւն մը ձգելու ծիծաղելի ճիգով մը:
Նորաձեւութեան դատին անձնազոհ ուրիշ նուիրեալ մըն ալ գրեթէ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի, բայց ասոր պարագան աւելի ծիծաղելի է: Հագուստին վերի եւ վարի բաժինները գոյութիւն չունին: Իսկ նորաձեւութեան համար հոգի տուող այս կինը միայն եկեղեցի հասնելէն ետք անդրադարձած է, որ թէ՛ վերէն եւ թէ՛ վարէն հագուստը այնքան բաց է, որ պէտք է անգամ մը կուրծքերը հազիւ ծածկած բաժինին երկու ականջներէն բռնէ եւ վեր քաշէ, ապա վեր քաշելէն ետք վարէն շատ տգեղ տեսարան մը կը պարզուի, հետեւաբար փէշին երկու ծայրերէն բռնէ եւ այս անգամ վար քաշէ: Այսպէս զբաղումը գտած է այս կինը, որովհետեւ ո՛չ վերէն, ո՛չ ալ վարէն ծածկուելու համար կը բաւէ հագուստը:
Հարսնեւորներուն շարքերուն մէջ կան նաեւ կիներ, որոնք եկեղեցին շփոթած են լողաւազանի հետ: Խորհած են, որ սուրբ պսակի արարողութիւնը բացօթեայ լողաւազանի մը ափերուն պիտի կատարուի, եւ ատոր համար ալ շատ «պատշաճ եւ վայելուչ» հագած են: Լողազգեստ չէ, հագուստ ալ չէ, ի՞նչ է` յայտնի չէ, անուն չունի ասոնց հագուստը, որովհետեւ մէկտեղումն է կապերու, ծոպերու, լաթի, հլուններու, շղթաներու եւ պարաններու անճոռնի հաւաքածոյի մը, որ կիսամերկութիւն մը ներկայացնելէ աւելի` զզուանք կը պատճառէ, որովհետեւ կը շուարիս: Դիտե՞ս, թէ՞ նայուածքդ միւս կողմ դարձնես: Բայց միւս կողմն ալ կայ ուրիշ տարօրինակութիւն մը: Կնոջ մը մազերը յարդարած են եւ գլուխը վերածած` ծաղկամանի մը: Ի՞նչ կ՛ուզես` մխրճուած է մազերուն մէջ: Ապակեայ քարերով կիսաթագ մը, ապահով ասեղի նմանող զարդարանք, հլուններու հիւսք, մազին գոյնէն տարբեր գոյն ունեցող հիւսք մը, որ զատկուան չէօրէկ կը յիշեցնէ:
Նորաձեւութեան անունով նման անճոռնիութիւններու գլուխ գործոցը, սակայն, հարսին եւ կնքամօր վերապահուած է: Եթէ նկարագրականը պիտի կատարուի, պարզապէս մէկ բառով կարելի է բնութագրել: Մերկութիւն:
Անշուշտ արդար պէտք է ըլլալ եւ շեշտել, որ բոլոր հարսանիքներուն ալ կը գտնէք կիներ, որոնք այնքան վայելուչ են, որ պարզապէս զմայլանք կը պատճառեն եւ յոյս կը ներշնչեն, որ ճաշակը տակաւին կ՛ապրի, կա՛յ: Բայց ասիկա փոքրամասնութեան մը կը վերաբերի: Ինչպէս որ Լիբանանի մէջ անօրինութիւնը օրէնքի վերածուած է, նոյնպէս ալ անճաշակութիւնը, մերկութիւնը եւ անճոռնիութիւնը նորաձեւութեան հիմքերուն վերածուած են տգէտ զանգուածի մը համար:
Փակելու համար այս հարցը` նշենք: Ինչպէս որ կարելի չէ վերարկու հագած լողաւազան երթալ, նոյնպէս ալ կարելի չէ կիսամերկ եկեղեցի երթալ եւ սուրբ պսակի արարողութեան ներկայ գտնուիլ: Հագուեցէ՛ք ձեր հագուստները եւ ծածկեցէք ձեր մերկութիւնը: Կը խնդրեմ:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ


